«Ընտրական Որեւէ Օրինագիծի Պարագային` Մեր Իրաւունքներէն Աւելի Պակաս Պիտի Չընդունինք Եւ Սինիորայի Քմահաճոյքէն Կախեալ Պիտի Չըլլանք» Ընդգծեց Զօր. Աուն

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Համախմբումին նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ որեւէ ընտրական օրինագիծի պարագային, իրենց իրաւունքներէն աւելի պակաս պիտի չընդունին` աւելցնելով, որ

Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները Ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած օրինագիծին համաձայնութիւն յայտնած են, եւ անբնական է, որ անոնք հրաժարին իրենց կեցուածքէն:

Ան նշեց, որ այդ օրինագիծը հարիւր առ հարիւր արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ընտրական օրէնքով մնայուն կերպով առեւտուր կատարելու քայլը մերժելի է եւ կոչ ուղղեց բոլորին յարգելու ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի քմահաճոյքէն կախեալ ըլլալ` աւելցնելով, որ անոր համար պատրաստած են նուէր մը, որ մօտիկ ապագային պիտի բացայայտուի:

Share this Article
CATEGORIES