Մատի Ընդունեց Լսատեսողական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները

Հանդիպումէն պահ մը

Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի երէկ Արդարութեան պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լսատեսողական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին նաեւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի, Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզի, Ազգային լրատու գործակալութեան նախագահ Լոր Սլէյմանի եւ լիբանանեան լրատուամիջոցներու տնօրէններուն հետ:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Մատի յայտնեց, որ այդ հանդիպումին նպատակն է լրագրական եւ դատական հեզասահ գործակցութիւն եւ մտերմութիւն յառաջացնել` բարելաւելու համար լրատուական աշխատանքը եւ կանխարգիլելու համար հաւանական հարցերու ծագումը:

 

Share this Article
CATEGORIES