Այն Թինէի Մէջ Պըրրի Ընդունեց Ժոմպլաթը

Ժոմպլաթ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ քաղաքական տագնապներն ու հարցերը կարելի է լուծել երկխօսութեամբ: Ան նկատել տուաւ, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցը քննարկուելու ընթացքին մէջ է` աւելցնելով, որ Պրիհ գիւղաքաղաքին հարցը արդէն իսկ լուծուած կարելի է նկատել:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ երէկ այլ առիթով յայտնեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ ընդունիլ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, որ Լիբանանի համար վտանգաւոր արկածախնդրութիւն մըն է:

 

Share this Article
CATEGORIES