«Ընտրական Որոշ Օրինագիծեր, Ինչպէս` Ուղղափառ Հանդիպումինը` Հակասահմանադրական Են» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նոր դատաւորներու երդման արարողութենէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին դրուատեց ընտրական օրէնքին յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբին աշխատանքները վերսկսելու քայլը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ կարեւորագոյնը այն է, որ ընտրական օրէնքը համապատասխանէ սահմանադրութեան` դիտել տալով, որ պէտք է ներկայացուած օրինագիծերու սահմանադրական ըլլալուն հսկել: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ կան որոշ ընտրական օրինագիծեր, որոնք հակասահմանադրական են, «եւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը մաս կը կազմէ հակասահմանադրական նկատուող օրինագիծերուն», նշեց ան:

Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կենսոլորտի մարզին վերաբերող խնդիրները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին եւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատերը, որոնց ներկայութեան նոր նշանակուած դատաւորներ Սլէյման Իտի եւ Նիզար Ամինի երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ հրաւէր մը` մասնակցելու Իսլամական վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 6 եւ 7 փետրուարին` Գահիրէի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES