Ձինամրրիկը Լիբանանը Պատեց Սպիտակով, Որուն Հետքերը Այսօր Կրնան Երեւիլ Նաեւ Ծովեզերեայ Շրջաններուն Մէջ

Լիբանանը հարուածող արտակարգ ձիւնամրրիկը երէկ յետմիջօրէին սկսաւ աւելի սաստկանալ` երեկոյեան ժամը 6:00-էն իսկ փակելով լեռնային գրեթէ բոլոր ճամբաները:

Ծովուն մակերեսէն 600 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ տեղացող ձիւնը պատճառ դարձաւ, որ դէպի այդ շրջանները հասցնող ճամբաները փակուին:

Մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ փողոցները չողողուեցան եւ երթեւեկը աւելի հեզասահ ընթացաւ:

Քոռնիշ Նահրի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ բացուած գործողութիւններու յատուկ գրասենեակին ջանքերով, երկրին ապահովական կառոյցներն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչն ու բանակը կրցան համադրել իրենց աշխատանքը եւ հասնիլ քաղաքացիներուն օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ դիւրացնել երթեւեկի դրութիւնը:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն յառաջացուցած գործողութիւններու այս գրասենեակին անունով խօսք առաւ Ա. տեղակալ Ռեմոն Ազիզին, որ յայտնեց, թէ Պէյրութի բոլոր ճամբաները լաւ վիճակի մէջ են, սակայն արուարձաններուն մէջ կան որոշ հարցեր, ինչպէս` Հայ Սըլլոմի մէջ:

Ան նշեց, որ ձիւնին եւ հողի սահանքներուն պատճառով գրեթէ բոլոր լեռնային ճամբաները արդէն իսկ փակ են, ինչպէս` Տահր Պայտարը, Պհամտուն – Տահր Պայտարը, Թարշիշ – Զահլէն, Ժահիլիէ-Պաաքլինը, Ֆարայա-Ույուն Սիմանը, Ույուն Սիման-Հատաս Պաալպեքը, Ժըպ Ժըննին-Քըֆրայան, Թըրպոլը, Զահլէ-Տուհուր Շուէյրը, Ժըպ Ժըննին-Մարժը, Այնաթա-Արզը, Քըպէյաթը, Աֆքան, Աքքարը, Տըննիէն, Տէյր Ահմար-Այնաթան, Արզ-Պշարրէն:

Ազիզի յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերուն, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան, Կարմիր խաչին եւ տարբեր շջրաններու քաղաքապետութիւններուն հետ գործակցութիւնը հեզասահ կ՛ընթանայ:

Իր խօսքը ուղղելով քաղաքացիներուն` Ազիզի խնդրեց, որ անոնք հետեւին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի յայտարարութիւններուն եւ եթէ անմիջական կարիք չկայ տունէն դուրս ելլելու, մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, որպէսզի իրենք եւս ապահոված ըլլան իրենց անվտանգութիւնը:

Հայ Սըլլոմ շրջանը եղաւ ամէնէն աւելի տուժող շրջանը, որուն բոլոր բնակարանները ողողուեցան տեղատարափ անձրեւուն եւ յորդած Ղատիր գետին ջուրերով:

Այդ շրջանին մէջ փրկարար աշխատանքները դժուար ընթացան` նկատի ունենալով ջուրերուն բարձր մակարդակը եւ այդ շրջանին մէջ ենթակառոյցի եւ քաղաքապետութեան չգոյութիւնը:

Շուէյֆաթի քաղաքապետութիւնը յայտարարեց, որ Հայ Սըլլոմը իսկապէս լքեալ շրջան է` աւելցնելով, որ իրենք նախանցեալ առաւօտ անհրաժեշտ սարքերը զետեղած են Հայ Սըլլոմի ընտանիքներէն կազմուած խորհուրդին տրամադրութեան տակ:

Բայց եւ այնպէս Հայ Սըլլոմի խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան եւ յատկապէս Հըզպալլային ու Ամալ շարժումին հոգատարութիւն ցուցաբերելու այդ շրջանին նկատմամբ: Խորհուրդին անդամները նշեցին նաեւ, որ իրենց շրջանը ողողող ջուրերը Ժամհուրի եւ Շուէյֆաթի շրջաններէն կու գան:

Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ Հայ Սըլլոմի մէջ որոշ կառոյցներ կրնան փուլ գալ ապօրինի շինութեանց եւ խախուտ հիմեր ունեցող շէնքերուն պատճառով:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին յատուկ օդերեւութաբանական կեդրոնին համաձայն, Լիբանանի լեռներն ու գիւղերը սպիտակով պատած ձիւնը պիտի փակէ նաեւ ծովուն մակերեսէն 300 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջաններուն ճամբաները:

Երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք ձիւնը կրնայ երեւիլ նաեւ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ:

Նշենք, որ Լիբանանի տարածքին գործող պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցները փակ պահեցին իրենց դռները` երաշխաւորելով աշակերտներուն ապահովութիւնը:

Այսօր եւս անոնք փակ պիտի պահեն իրենց դռները` գործադրելով կրթութեան նախարարութեան որոշումը:

Share this Article
CATEGORIES