Ընտրական Օրինագիծի Յատուկ Խորհրդարանական Յանձնախումբը Լրջօրէն Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծերը, Յատկապէս` Ուղղափառ Հանդիպումի Մշակած Օրինագիծը
Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին խորհրդարանին մէջ վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, որոնք շարունակուեցան երկրորդ ժողովով մը, որ գումարուեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Նիստերուն նախագահեց վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ:
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Ալի Ֆայեատ, Ալի Պեզզի, Ալեն Աուն, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Սամի Ժեմայէլ, Ժորժ Ատուան, Սերժ Թուրսարգիսեան եւ Աքրամ Շեհայէպ:
Նիստէն ետք Ղանեմ նշեց, որ յանձնախումբը քննարկած է ներկայացուած իւրաքանչիւր ընտրական օրէնքի սկզբունքները: Քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ հասարակ յայտարարներ կան եւ կարելի է այդ օրինագիծերը յաւելեալ մանրամասնութեամբ քննարկել` յանգելու համար վերջնական լուծման:
Ղանեմ ըսաւ, որ իրենք ոչ մէկ օրինագիծ կամ օրինագիծի առաջարկ մերժած են քննարկել. ան աւելցուց նաեւ, որ հիմնականին մէջ քննարկուած են կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրինագիծը, Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրինագիծը:
Երեկոյեան նիստէն ետք յանձնախումբին մաս կազմող վեց երեսփոխանական պլոքներ համաձայն գտնուեցան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին, իսկ Մուսթաքպալ պլոքն ու Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը վերապահութիւն յայտնեցին:
Մուսթաքպալ պլոքը այդ օրինագիծը նկատեց անարդար եւ լիբանանեան համերաշխութիւնը հարուածող օրինագիծ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը առաջարկեց վերադառնալ 1960-ի ընտրական օրէնքին:
Միւս կողմէ, քրիստոնէական քաղաքական ուժերը յանձնառու մնացին Պքերքէի համաձայնութեան եւ անոնց միացան Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը: Նշենք, որ յանձնախումբը այսօր պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:


