Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Իրան Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ամէն Ձեւով Աջակցելու»
«ՍալամՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնած է, որ Թեհրան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի երկխօսութեան ճամբով լուծման կը զօրակցի:
«Անհրաժեշտ է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եղած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծել երկխօսութեան միջոցով, եւ Իրան իր կարգին պատրաստ է ամէն ձեւով աջակցելու այդ հոլովոյթին: Ղարաբաղեան եւ միւս խնդիրները կրնան լուծուիլ շրջանին մէջ դիրք ունեցող երկիրներու միջնորդութեամբ: Մենք կը հաւատանք, որ երկու երկիրները պիտի կարենան այս խնդիրը լուծել վերը նշուած տարբերակով», ըսած է ան:
CATEGORIES Հայկական

