ՀՅԴ-ն Մօտիկ Ապագային Պիտի Յստակացնէ Իր Դիրքորոշումը Նախագահական Ընտրութեան Գծով

26 դեկտեմբերին ՀՅԴ-ն յայտարարեց սեփական թեկնածու չառաջադրելու մասին իր որոշումը` նշելով սակայն, որ ընտրական հոլովոյթներէն մէկ կողմ պիտի չքաշուի: Յայտարարուեցաւ, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պիտի հետեւի նախընտրական հոլովոյթներուն` կողմնորոշելու համար Դաշնակցութեան կազմակերպչական կառոյցը եւ համակիրները: Ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելը Դաշնակցութեան համար անընդունելի է: Երկու շաբաթ առաջ ըսուածը տակաւին ուժի մէջ է` առանց որեւէ նորութեան:

Նախանցեալ օր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան` պատասխանելով «Հայկական ժամանակ» թերթի այն հարցումին, որ հիմա, երբ հիմնական դերակատարները յայտնի են, արդեօք Դաշնակցութեան դիրքորոշումը յստակացա՞ծ է, նշեց, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուածին վրայ ոչինչ կայ աւելցնելիք այս պահու դրութեամբ:

Ըստ Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչին, պատճառը տօնական օրերն են եւ այդ ընթացքին քաղաքական քննարկումներ չկատարելը: Կարելի է, որ Դաշնակցութիւնը մօտ ապագային քննարկումներ կազմակերպէ որոշ թեկնածուներու հետ, սակայն ժամկէտի վերաբերեալ առայժմ ոչինչ յայտնի է:

Ըստ Համբարձումեանի, քննարկումներուն ընթացքին, Դաշնակցութեան դիրքորոշումը յստակացնելու առումով, ոչ միայն Դաշնակցութեան հրապարակած 7 կէտերը ուղենիշ պիտի հանդիսանան, այլեւ թեկնածուներու նախընտրական ծրագիրները, թեկնածուներու տեսակէտները այլ հարցերու շուրջ: Այս բոլորէն ետք Դաշնակցութիւնը որոշում պիտի տայ, թէ պիտի սատարէ՞ ոեւէ թեկնածուի, թէ՞ ոչ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )