«Ս. Ծնունդը Նշող Պոլսոյ Հայ Համայնքի Գլխուն Վերեւ Ստուեր Կախուած Է» Կը Նշէ «Միջազգային Ներում»-ը

«Միջազգային Ներում» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կայքէջին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշուի, որ 6 յունուարին Ս. Ծնունդը նշող Պոլսոյ հայ համայնքի գլխուն վերեւ ստուեր կախուած է:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 28 դեկտեմբերին սպաննուած էր պոլսահայ համայնքի ամէնէն տարեց անդամը` 84-ամեայ Մարից Քիւչիւքը, որ իր սեփական տան մէջ դաշունահարուած էր:

Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ առայժմ սպանութեան մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուիր, սակայն կ՛ենթադրուի, որ ասիկա, ըստ ամենայնի, ատելութեան հողի վրայ իրականացուած յանցագործութիւն է:

Նման պնդումին համար մասնաւորաբար հիմք կը ծառայէ զոհի որդիին «Ակօս» շաբաթաթերթին պատմածը, թէ իր մօր կուրծքին դանակով խաչ պատկերուած է:

«Ակօս» յիշեցուցած է, որ ասիկա վերջերս Թուրքիոյ մէջ հայերուն դէմ իրականացուած միակ յարձակումը չէ: Այլ դէպքերու շարքին կը յիշատակուի նաեւ 24 ապրիլ 2011-ին թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող հայազգի Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը:

«Միջազգային ներում»-ը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ նման դէպքերու հետաքննութեան հետամուտ ըլլալ եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները, աւելին ընել` անհանդուրժողականութեան մշակոյթէն եւ ռազմատենչ ազգայնականութենէն հրաժարելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES