Հետաքրքրական. Հացերու Արքան` Լաւաշը
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բուրաւէտ, համեղ եւ ախորժաբեր լաւաշը հայկական հացերու արքան կը համարուի: Հայաստանի մէջ լաւաշը գոյութիւն ունէր Ք.Ա. առաջին հազարամեակներուն: Արտաշատ քաղաքի պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած է այդ ժամանակաշրջանի յատուկ գետնափոր թոնիր:
Լաւաշը նուրբ, երկար, մինչեւ 70 սմ ձուաձեւ հաց է, որ բնորոշ է հայերուն: Լաւաշ թխելը հայ կիներու մենաշնորհն է: Զայն կը թխեն մինչեւ 1,5 մեթր խորութեամբ եւ 80 սմ. տրամագիծով, հողի մէջ թաղուած յատուկ կաւէ գլանաձեւ փոսի մէջ, որ թոնիր կը կոչուի: Գետնափոր կաւէ թոնիրը որպէս ջեռոց, հայկական խոհանոցի առաջին գործիքներէն է:
Եթէ երբեւէ մասնակցիք մագաղաթի թերթեր յիշեցնող լաւաշի թխման արարողութեան, կը համաձայնիք, որ անիկա ամենահետաքրքրական եւ ամենաբարդ արարողութիւնն է:
Լաւաշը զուտ հայկական հաց է: Ճշմարտութիւն է, որ անիկա աշխարհի ամէնէն երկար ժամանակով դիմացող հացն է: Զայն կարելի է պահել ամբողջ տարի մը: Այո՛, լաւաշը կարելի է չորցնել եւ շատ երկար պահել, իսկ երբ ջուրով թրջուի անիկա կրկին կը թարմանայ: Լաւաշը բոլոր տօնական սեղաններու պարտադիր եւ գլխաւոր զարդն է: Հայկական խոհանոցին մէջ կան որոշ կերակուրներ, որոնք կ՛ուտուին միայն լաւաշով: Առանց լաւաշի` անհնար է վայելել պանիրով բրդուճը, հայկական աւանդական խաշը, պանրխաշը, բայց մանաւանդ` խորովածը:
Աւանդազրոյց`
Լաւաշի Մասին
Ըստ հայ դիցաբանութեան, հայոց ուզմէ աստուած Վահագնի եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հարսանիքին աստուածներու հայր Արամազդը Աստղիկին ուսին լաւաշ մը կը դնէ: Փեսայ Վահագնի տունը ուղղուած պահուն, ճանապարհին լաւաշը կ՛իյնայ հարս Աստղիկի ուսէն: Արամազդը կը զայրանայ եւ կ՛ըսէ. «Հացը գետին ձգողը չի կրնար կին եւ մայր դառնալ»:
Այսպէս, Վահագն ու Աստղիկը երբեք չեն ամուսնանար եւ կը մնան յաւերժական սիրահարներ…
Փորձ-Հարցարան
Գո՞հ Էք Ձեր Կեանքէն
Կեանքը ապրելու երկու ձեւ կայ` զայն հանդուրժել եւ լուռ ու մունջ ապրիլ եւ կամ` նոր ձեւերու մասին մտածել: Հիմա որ թեւակոխած էք 2013-ը, ի՞նչ կը մտածէք ձեր վարած կեանքին մասին, գո՞հ էք անկէ, թէ՞ յեղաշրջում մը կը ծրագրէք:
Պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին` ընտրելով հաւանական պատասխաններէն յարմարագոյնը, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Երբ արձակուրդի լուսանկարներ կը դիտէք,
ա.- Կը մտածէք յաջորդ արձակուրդին մասին:
բ.- Երանի կու տաք այդ օրերուն:
գ.- Ձեր սիրտը կը ճմլուի, քանի որ յաջորդը շատ սուղ է:
2
Որքա՛ն պիտի փափաքէիք
ա.- Յաւելեալ ժամանակ ունենալ` դուք ձեզմով զբաղելու համար:
բ.- Ամէն բան ձգել եւ քանի մը օրով փախուստ տալ դէպի հեռաւոր ու խաղաղ վայր մը:
գ.- Քանի մը օրով տունը փակուիլ եւ անջատուիլ դուրսի աշխարհէն:
3
Որոշում տալը…
ա.- Դէպի առաջ երթալ է, ինչ որ ալ ըլլայ հետեւանքը:
բ.- Սխալելու ռիսք առնել է:
գ.- Պիտի չուզէիք նման կացութեան մէջ գտնուիլ:
4
Կիրակի է, կ՛անձրեւէ.
ա.- Ի՛նչ լաւ, առիթ է, որ տունը մնաք եւ կիսատ մնացած ձեր գործերը ամբողջացնէք:
բ.- Հոգ չէ, թէ պտոյտի ծրագիրը ջնջուեցաւ. տունը հետաքրքրական Տի. Վի. Տի. մը կը դիտէք:
գ.- Ամբողջ օրը կը տրտնջաք ու կը դժգոհիք:
5
Խճողումի պատճառով կարեւոր ժամադրութենէ մը կ՛ուշանաք.
ա.- Անիմաստ է զայրանալը, ձայնասփիւռը կը բանաք եւ երաժշտութիւն կ՛ունկնդրէք:
բ.- Ձայնասփիւռի կայանները կ՛ունկնդրէք եւ կը զայրանաք, որ ոչ մէկ բացատրութիւն կը տրուի խճողումի պատճառին մասին:
գ.- Կ՛անիծէք ձեր բախտը եւ ձեր ապրած երկիրը:
6
Բարեկամուհի մը, երկար լռութենէն ետք, հեռախօսով կը կապուի եւ ձեր լուրերը կ՛ուզէ իմանալ:
ա.- Կը պատմէք գործի դժուարութիւններուն մասին` առանց շատ մանրամասնելու:
բ.- Մի միայն կը դժոհիք:
գ.- Յատուկ ըսելիք չէք գտներ:
7
Ձեր զաւկին հետ վէճ կ՛ունենաք.
ա.- Կը սպասէք, որ երկուքդ ալ հանդարտիք եւ կրկին զրուցէք:
բ.- Կը նեղանաք անոր խօսակցութեան ոճէն:
գ.- Ամբողջ օրը պրկուած կը մնաք:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, լաւ ընթացքի մէջ էք, հակառակ ձեր դիմագրաւած որոշ դժուարութիւններուն` դժգոհող անձ չէք եւ դէպի առաջ կը նայիք: Կարգ մը սխալներու պարագային, կ՛ընդունիք պատասխանատուութեան ձեր բաժինը` առանց դուք ձեզ մեղադրելու, այպանելու:
Ըստ երեւոյթին, ձեր վարած կեանքը հանդուրժելի կը գտնէք եւ փոփոխութիւններ մտցնելու տրամադիր չէք:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, ո՛չ յոռետես ո՛չ ալ լաւատես էք. կը դասուիք իրապաշտներու շարքին: Դժուար թէ ուրախութենէ ցատկռտէք, ձեր շուրջը ամէն բան վարդագոյն չէ: Ձեր կարծիքով, իսկական արժէքները կորսուած են, մարդիկ դարձած են կեղծաւոր եւ երկերես, մակերեսային եւ շահախնդիր:
Ժամանակն է, որ ձեր ժամանակը առնէք եւ հաշուեյարդար մը ընէք, որմէ ետք մաղէ անցընէք դուք ձեզ եւ ձեր բարեկամները:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, լաւատեսութեան պակասը չափազանց շեշտուած է ձեր մէջ: Ձեր ներաշխարհը ձմրան եղանակին կը նմանի: Կը դժգոհիք ժամանակի պակասէն, ձեզ չհասկցող անձերէն, կլիմայէն… սակայն այս բոլորը ձեզմէ կախեալ են, նայած թէ դուք ինչպէ՛ս կը դիտէք կեանքի իւրաքանչիւր երեւոյթ: Նախ պէտք է, որ հաշտ ըլլաք դուք ձեր անձին հետ, ըլլաք նուազ յոռետես եւ մխիթարուիք, որ ձեր պայմաններէն աւելի գէշ պայմաններ ունեցող մարդիկ կան, իսկ դուք համեմատաբար բախտաւոր էք:
Նաեւ առածը կ՛ըսէ. «Դուն քեզի օգնէ, երկինքն ալ կ՛օգնէ քեզի»:
Նիհարնալու Սննդականոնին
Զուգահեռ Մարզանքներ
Բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ քիչ կամ սերտուած ձեւով ուտելը միակ միջոցը չէ նիհարնալու համար: Սննդականոնին կողքին անհրաժեշտ է մարզանքը:
Այսօրուան էջով կու տանք մարզանքի 7 ձեւեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը յարմարի շաբթուան մէկ օրուան:
– Կը սկսինք երկուշաբթիով.
Այս մարզանքը Մտային եւ ֆիզիքական հաւասարակշռութիւն կու տայ եւ կ՛օգնէ, որ լաւ տրամադրուած սկսիք ձեր սննդականոնը:
Կռնակին վրայ պառկած, ոտքերը բաց, թեւերը` մարմնին երկայնքին, ջանացէք 10 անգամ ձեր փորն ու կոնքը բարձրացնել, ապա գետին դպցնել: Ապա ջանացէք 10 անգամ ձեր ոտքերուն մատները դէպի ետ ու առաջ տանիլ:
-Կռնակին վրայ պառկած, թեւերը` մարմնին երկայնքին, ոտքերը միացած եւ ծունկերը ծալած` ջանացէք 10 անգամ ձեր կռնակը եւ կոնքերը բարձրացնել, ապա գետին դպցնել:
Այս մարզանքը կը պրկէ ձեր թուլցած մկանները:
-Ճկուն դարձնող այս շարժումին համար, գետին նստած, երկու ձեռքերով բռնեցէք ձեր ոտքին մատները նախ կռնակը ուղիղ պահած, ապա 10 անգամ ծռեցէք ու շտկուեցէք: Նոյն շարժումը կատարեցէք` այս անգամ միւս ոտքին մատները բռնած:
– Հինգշաբթի օրուան մարզանքը կը կեդրոնանայ շնչառութեան վրայ: Բաց պատուհանի մը առջեւ 10 անգամ խորունկ շնչեցէք եւ արտաշնչեցէք ձեր թոքերը մաքրելու համար, ապա նոյն ձեւով շնչեցէք եւ արտաշնչեցէք ձեր փորին մկաններուն շարժումը զգալով:
Մասնագէտներու կարծիքով, այս մարզանքը նաեւ ունի ախորժակ կտրելու յատկութիւնը:
– Փորի այս մարզանքը կատարելու համար ոտքերը բաց, ոտքի դիրքով կեցէք, երկու ձեռքերը տեղաւորեցէք ծունկերուն վրայ, ապա քիչ-քիչ ծունկերը ծալեցէք խորունկ շնչելով եւ արտաշնչելով. յետոյ նոյն ձեւով աստիճանաբար ուղղեցէք ձեր ծունկերը միշտ խորունկ շնչելով եւ արտաշնչելով:
– Շաբաթ օրուան մարզանքը կը պայքարի պնդութեան դէմ եւ կը հանգստացնէ ձեր աղիքները: Ձեռքին վրայ խոշոր աղիքին կէտը կը գտնուի բութամատին եւ ցուցամատին միջեւ: Այս կէտը մարձելով` կարելի է ձերբազատուիլ պնդութենէն:
– Վերջապէս, կիրակի օրուան մարզանքը դարձեալ զուտ շնչառական է: Պիտի «պարպէք» ձեր միտքը եւ պիտի կեդրոնանաք ձեր խորունկ շնչելուն եւ արտաշնչումներուն վրայ եւ պիտի փորձէք մաքուր թթուածինը զգալ ձեր ամբողջ մարմնին մէջ` սկսելով գլուխէն եւ հասնելով մինչեւ ոտքերուն ծայրամասերը:
Նշենք, որ այս մարզանքները չեն փոխարիներ քալելը, հեծիկ քշելը եւ լողը:
Խոհագիր
Ֆրանսական Հացով
Փիցա
– 4 մեծ շերտ` ֆրանսական փեն տը քամփանյ հացի
– 8 կտոր կանկառի սրտիկներ
– 2 գունդ մոցարելլա պանիր
– 100 կրամ ձէթի մէջ պահուած չոր լոլիկի շերտեր
– 8 շերտ խոզապուխտ (սովորական կամ ժամպոն տը փարմ)
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Ռեհանի թարմ տերեւներ
– սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Կանկառի սրտիկները մէջտեղէն կիսել եւ հացի շերտերուն վրայ շարել: Աւելցնել խոզապուխտի, մոցարելլա պանիրի շերտերը եւ պահածոյ լոլիկի շերտերը:
Համեմել, ապա իւրաքանչիւր հացի վրայ քանի մը կաթիլ ձէթ աւելցնել եւ փուռին մէջ խորովել միայն քանի մը վայրկեան, երեսը կարմրելու չափ:
Հրամցնել տաք վիճակով, երեսը թարմ ռեհանի տերեւներով զարդարելէ ետք:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ձիւնը
Ձիւնը երկար սպասեց
Գիշերուայ խորհրդին,
Մինչեւ լոյսերը հանգան,
Ու ձայները լռեցին:Ու յանկարծ գիշերուայ մէջ
Ինչ-որ բան զրգնգաց,
Խենթի պէս պարելով
Փաթիլներն իջան ցած:Ձիւնը գալիս է դանդաղ,
Ձիւնը իր երգն է երգում,
Ձիւնը իջնում է թել-թել,
Ձիւնն իր հէքիաթն է պատմում:Արծաթէ թիթեռնիկներ`
Պոկուած կապոյտ հէքիաթներից,
Թեւածելով իջան ներքեւ,
Երգով լցրին քաղաքը ծեր:Ու երազկոտ կտուրներին
Բերին ճերմակ հանդարտութիւն:
Ու երազկոտ կտուրներին
Բերին ճերմակ հանդարտութիւն:Ձիւնը գալիս է դանդաղ,
Ձիւնը իր երգն է երգում,
Ձիւնը իջնում է թել-թել,
Ձիւնն իր հէքիաթն է պատմում:Ոսկեծամ գեղեցկուհի,
Առանց քեզ ես չեմ ապրի,
Առանց քեզ ձիւնը ճերմակ,
Ա՜խ, շուտով կը դադարի:Յայտնուի՛ր գիշերուայ
Իրական հէքիաթում,
Որ մինչեւ լուսաբաց
Մեզ իր գիրկն է առնում:Ձիւ՜ն, սպիտա՜կ ձիւն,
Մեղքերիս բե՜ր թողութիւն,
Սպիտակ ձիւ՜ն, իմ ճերմա՜կ քնքշութիւն,
Սպիտակ ձիւ՜ն, իմ ճերմա՜կ մանկութիւն:Արծաթէ թիթեռնիկներ`
Պոկուած կապոյտ հէքիաթներից,
Թեւածելով իջան ներքեւ,
Երգով լցրին քաղաքը ծեր:Ու երազկոտ կտուրներին
Բերին ճերմակ հանդարտութիւն:
Ու երազկոտ կտուրներին
Բերին ճերմակ հանդարտութիւն:ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐԴԵԱՆ







