Եղունգ

Պատրաստեց` Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Եղունգը կը ծածկէ ոտքի եւ ձեռքի մատներուն ծայրամասի ոսկրիկները: Անոր կազմաւորումը շարունակական է մինչեւ անհատին մահը: Եղունգը իր կազմաւորման եւ աճման պատճառով որոշ չափով կ՛երկարի եւ կը ստանայ ձեւ ու տեսք:

Ձեռքի մատներու եղունգները աւելի արագ կ՛աճին, քան` ոտքի մատներուն եղունգները:

Եղունգին աճը պայմանաւորուած է անհատին տարիքէն, սեռէն, տարուան եղանակէն, սնունդէն, մարզանքէն եւ ժառանգականութենէն: Եղունգներու աճը կ՛աշխուժանայ ամառ եղանակին եւ առաւելաբար` անչափահասներու մօտ: Անիկա կ՛աճի մօտաւորապէս 3 մմ ամէն ամիս: Մատի եղունգի ամբողջական աճումը կը տեւէ 3-6 ամիսներ: Իսկ ոտքի մատներունը կը տեւէ 12-18 ամիսներ:

Եղունգը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէ.

Ա. Եղունգի արմատ` եղնգաբուն Բ. Եղնգամարմին` բուն եղունգ (nail body, plate),
Գ. Եղնգամահիճ,
Դ. Եղունգի լուսնակ.

Եղնգաբունը կամ եղունգի արմատը եղջերային կազմուածքով թաղանթ մըն է, որ կը գտնուի մատի մորթին վերջաւորութեան տակը: Անկէ կը ծնին եղջերանիւթէ կազմուած եղնգամարմինի բջիջները: Այս բջիջները կը քալեն դէպի առջեւ` կազմելու համար եղնգամարմինը: Եղնգաբունին մեծ մասը անտեսանելի է: Անոր յառաջամասի պզտիկ մէկ բաժինը միայն տեսանելի է, որ  կը յայտնուի ճերմակ կէս լուսնի ձեւով եւ կը կոչուի լուսնակ: Բոլոր մատերուն եղունգները կը յայտնուին լուսնակով, բացի` ճկոյթ մատի եղունգը: Բութամատի եղունգին լուսնակը ամէնէն խոշորն է:

Եղնգաբունը կ՛ապրի, այնքան ատեն որ սնունդ կը ստանայ եւ կը մնայ առողջ վիճակի մէջ:

Եղնգամարմինը կազմուած է եղջերանիւթէ եւ ան եղունգին տեսանելի բաժինն է: Անիկա կը հանգչի եղնգամահիճին վրայ, ուր կը գտնուի մատի մորթին ծայրամասը: Ուրեմն մահիճը կազմուած է մորթի երկու խաւերէն` ենթամորթ եւ վերնամորթ: Ենթամորթը փակած է մատի վերջին ոսկրիկին եւ անիկա հարուստ է ջղաթելերով եւ աւշաթելանօթերով (lymph vessels) ու արեան թելանօթերով (capillaries), որոնք եղնգամարմինին կու տան վարդագոյն տեսք:

Եղնգամարմինը կարծր եւ ողորկ է: Անիկա կրնայ ըլլալ տափակ, կոր-կամարաձեւ կամ փոսաւոր` զանազան հիւանդութիւններու պատճառով: Անոր հաստութիւնը եւ լայնքը կախեալ է եղնգաբունի չափէն, այսինքն` մեծութենէն եւ հաստութենէն:

Եղունգը ունի կարգ մը դերակատարութիւններ.

Ա. Կը պաշտպանէ մատներու ծայրամասի ոսկրիկները.
Բ. Կը գործածուի որպէս գործիք` բռնելու համար մանր առարկաներ.
Գ. Կը ծառայէ մարմնին մակերեսը-մորթը քերելու.
Դ. Կու տայ վայելչութիւն` ոտքի եւ ձեռքի մատներուն.

Եղունգին առողջութիւնը որոշ չափով կը ցոլացնէ անհատին առողջութիւնը:

Բոլորս մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերելու ենք մեր եղունգներու առողջութեան:

Եղունգները առողջ կը մնան`

Ա. Առողջ սննդականոնի հետեւելով. բնասպիտները, երկաթը եւ կիրը խիստ կարեւոր են.
Բ. Պէտք եղած հիմնական կենսանիւթերը գործածելով,  մանաւանդ` Ա., Տէ եւ Պէ 12 կենսանիւթերը.
Գ. Հանգիստ կօշիկ եւ մաքուր գուլպայ հագնելով,
Դ. Շաքարախտէ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ զերծ մնալով,
Ե. Եղունգը հարուածներէ եւ վնասներէ պաշտպանելով.
Զ. Ոտքի եւ ձեռքի մատներուն առողջութեան հետեւելով.

Եղունգը յաճախ կը կորսնցնէ իր առողջ վիճակը եւ կը յայտնուի զանազան հիւանդութիւններով եւ անբնական  երեւոյթներով, որոնք կը յայտնուին եղունգային զանազան ախտանշաններով.

Ա. Գոյնի ախտանշաններ` ճերմակ բիծեր, տժգնութիւն, կապտութիւն, կարմրութիւն, դեղնութիւն.
Բ. Հիւսուածքի եւ տեսքի ախտանշաններ` հաստութիւն, բարակութիւն, կոշտութիւն, կարծրութիւն, կակուղութիւն. դիւրաբեկութիւն, ակօսութիւն, ճեղք.
Գ. Ձեւի ախտանշաններ` գնդակաձեւ, կոր-կորաձեւ, փոսիկաւոր, դգալանման.
Դ. Բորբոքում,
Ե. Թարախակոյտ
Զ. Արիւնակոյտ,

Եղունգի հիւանդութիւններն ու անբնական երեւոյթներն են`

Ա. Այլանդակ եւ տձեւ երեւոյթներ.

Այս այլանդակ երեւոյթները կը յառաջանան հետեւեալ պատճառներով.

ա. Ծինային անբնական կազմաւորում.

Այս պարագային այլանդակ երեւոյթը կը յայտնուի ի ծնէ եւ կ՛ըլլայ ընդոծին երեւոյթ.

բ. Հարուած-վնաս.

Մատներու եղունգները կրնան վնասուիլ ուղղակի կամ անուղղակի հարուածով: Ծանր առարկայի մը իյնալը ոտքին վրայ եղունգին կը հասցնէ ուղղակի վնաս: Նեղ կօշիկ հագնելով` անուղղակի հարուած կը հասցնենք: Եղունգի հարուած-վնասը կը յառաջացնէ եղունգի զանազան անբնական երեւոյթներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` ճերմակ կէտաւորում, կապտութիւն, եղունգի ճեղք եւ կոտրտուք, աւելորդ նոր եղունգի աճ, շրջաեղունգային եւ ենթաեղունգային արիւնահոսում եւ բորբոքում:

Ենթաեղունգային արիւնահոսումով անհատը կ՛ունենայ ուժգին ցաւ, որ կ՛անհետանայ ծակելով եղունգը եւ կուտակուած արիւնը  արտահանելով: Կուտակուած արիւնը չարտահանուելու պարագային եղունգը կը մահանայ եւ կը փրթի ու կ՛իյնայ:

գ. Սնկային հիւանդութիւններ,

դ. Մորթային հիւանդութիւններ.

ե. Մարմնական հիւանդութիւններ, օրինակի համար` շաքարախտ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններ, որոնց պատճառով մատներու եւ եղունգներու արեան շրջագայութիւնը կը նուազի եւ տեղի կ՛ունենան զանազան անբնական երեւոյթներ.

զ. Կարգ մը դեղերու գործածութիւն, օրինակի համար` Tetyracycline-ի գործածութեամբ եղունգի մարմինը կրնայ բաժնուիլ իր մահիճէն  .

Է. Տարեցութիւն, որուն պատճառով եղունգի վրայ կը յայտնուին հորիզոնական խորունկ ակօսներ.

ը. Յոռի սննդառութիւն, մասնաւորապէս` բնասպիտի, կիրի եւ երկաթի նուազ սպառում: Բնասպիտի անբաւարարութեամբ եղունգը կ՛ունենայ ճերմակ բիծեր, իսկ երկաթի պարագային եղունգը կ՛ունենայ մակերեսային դգալանման փոսիկ.

թ. Ա, Տէ եւ Պէ12 կենսանիւթերու անբաւարարութիւն.

Ա, Տէ եւ Պէ կենսանիւթերու անբաւարարութեամբ տեղի կ՛ունենայ եղունգի չորութիւն եւ ճեղքրտուք. իսկ Պէ12 սննդանիւթի պարագային եղունգը կը դառնայ թուխ եւ չոր.

Բ. Բորբոքումներ.

Եղունգի բորբոքումներուն մեծամասնութիւնը սնկային են, սակայն կրնան տեսնուիլ նաեւ ցպկային եւ ժահրային բորբոքումներ: Եղունգի սնկագարութիւնը սնկային բորբոքում մըն է, որ կը յառաջանայ մարմնական սնկային բորբոքումներու եւ տարեցութեան պատճառով: Ժողովուրդին 10 առ հարիւրը կ՛ունենայ այս բորբոքումը: Անիկա առաւելաբար կը պատահի տղամարդոց  մօտ եւ ոտքի մատներու եղունգներուն վրայ: Եղունգի սնկագարութեան կարեւոր ախտանշանն է եղունգի ճերմակ եւ կամ դեղին գունաւորումը: Այս բորբոքումը կանխարգելի է` պարզապէս ուշադրութիւն ընելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

ա. Եղունգները կարճ, բայց չափաւոր կտրել.
բ. Ոտքի մատները լաւ չորցնել լոգանքէ ետք եւ հակասնկային փոշի գործածել մատներու միջեւ.
գ. Հին եւ նեղ կօշիկ չհագնիլ, որովհետեւ նեղ կօշիկներու մէջ սունկերու բեղմնիկները բոյն դրած կրնան ըլլալ.

Գ. Եղունգի շրջաբորբ.

Անիկա եղունգին շուրջը պատահած սուր եւ ցպկային  բորբոքումն է: Եղունգի շրջաբորբը կը պատահի ընդհանրապէս`

ա. Այն անձերուն մօտ, որոնք կը կրծեն իրենց ձեռքերու մատները եւ եղունգները,
բ. Ոտքի մատներու եղունգի մխրճում ունեցողներու մօտ.
գ. Շաքարախտաւորներու մօտ.
դ. Ծայրամասային զարկերակային խցում  ունեցողներու մօտ.
ե. Նեղ կօշիկներով երկարատեւ մարզանք ընողներու մօտ.

Շրջաբորբը շուտով կրնայ վերածուիլ թարախակոյտի.

Եղունգի շրջաբորբի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ` հակացպկային դեղերով, գաղջ  թռչոցով, թարախակոյտը բանալով եւ թարախը արտահանելով.

Դ. Մխրճուած եղունգ.

Մխրճուած եղունգի ախտապատճառներն են`

ա. Նեղ եւ անհանգիստ կօշիկի գործածութիւն,
բ. Ընդոծին անբնական եղունգի գոյութիւն,
գ. Տարեցութիւն, անշարժութիւն եւ նստակեաց կեանք,
դ. Յղութեան շրջանին ոտքի մատներու ուռեցք,
ե. Մարմնական ընդհանուր  ջրուռեցք,
զ. Եղունգի մնայուն-երկարատեւ  բորբոքում.

Այս հիւանդութեան պարագային եղունգը կը  մխրճուի շրջապատի մորթին եւ մկաններուն մէջ եւ կը յառաջանայ բորբոքում եւ նոյնիսկ թարախակոյտ: Անհատը կ՛ունենայ հետեւեալ ախտանշանները` զօրաւոր ցաւ, կարմրութիւն, ուռ եւ ջերմ: Մխրճուած եղունգը կը դարմանուի հակացպկային դեղերով եւ վիրաբուժական գործողութեամբ.

Ե. Եղունգներու անբնական գունաւորում.

Այս մէկը կը յառաջանայ`

ա. Կարգ մը դեղերու գործածութեամբ եւ դարմանամիջոցներով, օրինակ` հակամալարիայի դեղերը, Tetracycline-ը եւ քաղցկեղի քիմիաբուժումը.
բ. Մարմնական զանազան հիւանդութիւններու պատճառով`

1.Արեան կարմիր գնդիկներու բազմացում, որուն պատճառով եղունգը կ՛ունենայ կապտախտի երեւոյթ.
2. Սրտանօթային հիւանդութիւններ, որոնց ընթացքին տեղի կ՛ունենան արեան ծայրամասային  շրջանառութեան եւ արեան նուազում: Ասոնց բոլորին պատճառով եղունգները կը ստանան մանիշակագոյն կամ կապոյտ գունաւորում.

գ. Սնկագարութիւն, որ կը յառաջացնէ ճերմակ եւ կամ դեղին գունաւորում.

դ. Եղունգին ուղղակի կամ անուղղակի վնաս-հարուած, որ կը յառաջացնէ կապտութիւն եւ ճերմակ կէտաւորում.

ե. Բնասպիտի անբաւարարութիւն կերակուրներու մէջ, որ կը յառաջացնէ ճերմակ բիծեր.

զ. Պէ 12 կենսանիւթի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ թուխ գունաւորում.

 

Մոնրէալ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )