Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը 25 Միլիոն Դրամ Ներդրած Է
Կրթական Երկու Ծրագրի Աջակցելու Նպատակով
Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան յառաջատար ընկերութիւնը կարեւոր կը համարէ սերունդներու կրթութեան ուղղուած ջանքերը: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը այդ տրամաբանութեան արդիւնքն է:
Այսօր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր գրասենեակին մէջ կայացած միատեղ ասուլիսին մէջ ներկայացուած են դպրոցներու եւ համալսարաններու վարկանշաւորման ուղղութեամբ` Հայաստանի մէջ առաջին անգամ իրականացուող քայլերը: Ասուլիսին ներկայ էին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Կարինէ Յարութիւնեան եւ նախարարութեան զարգացման ծրագիրներու եւ դիտարկումի վարչութեան նախագահ Ռոպերթ Ստեփանեան:
Արդիւնաւէտ կրթութեան վերաբերեալ վարկանիշի ձեւաւորումը ներկայիս կ՛իրականացուի հասարակական կարծիքի հիման վրայ: Վարկանշաւորման այդ եղանակը կը փոխարինուի մասնագիտական մեթոտաբանութեամբ: Այն, ի դէպ, արդէն մշակուած եւ հաստատուած է: Նման բարեփոխման պարագային Հանրակրթութեան մասին օրէնքը եւ Պոլոնիայի գործընթացին ներգրուելու պահանջներն են:
Վարկանշաւորման ազգային մոտել մշակելու արդիւնաւէտ տարբերակը միջազգային լաւագոյն փորձի տեղայնացումն է: Հայաստան ընդգրկուած է այն 10-15 երկիրներու ցանկին մէջ, որոնք կը յաւակնին այդ նորարարութեան ներդրման: Տարուան ընթացքին մշակուած գործիքները յաջորդ տարի փորձարարական եղանակով պիտի ներդրուին և միայն անոր աւարտին` վերջնականապէս պիտի բանաձեւուի ամբողջ մեթոտաբանութիւնը:
Առաջին անգամ ներմուծուող այս գործիքները կը յաւակնին ստեղծել առարկայական հիմք` համալսարաններու եւ դպրոցներու գործունէութեան գնահատման համար: Այդ մէկը կարեւոր է հասարակութեան առջեւ հաշուետու ըլլալու եւ թափանցիկութեան ապահովման տեսակէտէն:
«Ժամանակակից աշխարհին յատուկ տեղեկութեան առատութիւնը կը պարտաւորեցնէ գտնել որակեալ կրթութիւն ստանալու առաւել արդիւնաւէտ ուղիները: Երկրի մրցակցային առաւելութիւն ընդգծելու ամէնէն խոստմնալից միջոցը գիտելիքն է: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կրթական նախաձեռնութիւններուն աջակցած է հետեւողական պատրաստակամութեամբ: Նպատակը գիտական ներուժը երկրի առաջընթացին ծառայեցնելն է », յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Հայաստանի համալսարաններու ազգային վարկանիշաւորման համակարգը (մեթոտաբանութիւն, ցուցանիշներ, հաշուարկի մեքանիզմ) ներկայացուցած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Կարինէ Յարութիւնեան, իսկ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման համակարգը` նախարարութեան զարգացման ծրագիրներու եւ դիտարկումի վարչութեան նախագահ Ռոպերթ Ստեփանեան:
Երեւանի Օփերային Թատրոնին Բեմը
Պիտի Արդիականանայ
Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի բեմին վերականգնումը եւ զայն արհեստագիտական արդի սարքերով օժտելու աշխատանքը պիտի աւարտի 31 յունուարին, ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է թատրոնի տնօրէն Կամօ Յովհաննիսեանը:
Անոր համաձայն, աշխատանքները, որոնք կ՛իրականանան աւստրիական «Վակնըր» ընկերութեան կողմէ, սկսած են 2012-ի յունիսին: «Աշխարհի մէջ քիչ ընկերութիւններ կան, որոնք մասնագիտացած են օփերային բեմերու վերազինման եւ վերանորոգման հարցին մէջ: Այս ընկերութիւնը աշխարհի մէջ լաւագոյններէն է», նշած է տնօրէնը: Աշխատանքներու առաջին հանգրուանը արդէն աւարտած է սեպտեմբերին: Հոկտեմբերէն սկսեալ ընթացք առած են երկրորդ հանգրուանի աշխատանքները: Բոլոր շինանիւթերը կը բերուին Աւստրիայէն, աշխատանքները եւս կը ղեկավարուին աւստրիացի մասնագէտներուն կողմէ: Համաձայն պայմանաւորուածութեան, աշխատանքները պիտի աւարտին 31 յունուարին:
«Հսկայական աշխատանք կատարուած է: Բեմական բոլոր սարքաւորումները, լուսային եւ հնչիւնային թեքնիքը կը փոխարինուին ժամանակակիցով: Աշխատանքներու աւարտէն ետք մենք հրաշալի բեմ կ՛ունենանք, որ կը համպատասխանէ բոլորին պահանջներուն, որոնց մասին մենք կ՛երազէինք երկար տարիներ», նշած է թատրոնին տնօրէնը:
Վերանորոգումներէն ետք կայանալիք հանդիսաւոր բացման արարողութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` ան դիտել տուած է, որ ներկայիս այդ գծով քննարկումներ կը կատարուին: «Մենք ութ ամիս չենք աշխատած: Իւրաքանչիւր բեմականացում, ըլլայ պալէ թէ օփերայ, փորձերը կը կատարուին ըստ նոր բեմի ձեւին», նշած է Կամօ Յովհաննիսեան:
Սայաթ Նովային Նուիրուած Գրականութիւնը
Տարբեր Լեզուներու Պիտի Թարգմանուի
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած Սայաթ Նովայի 300-ամեակի յոբելենական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան զեկուցած է, որ 2012 թուականի սկիզբը ընթացք առած նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ 2013-ին: Ցարդ հանրապետութեան մայրաքաղաքին եւ մարզերուն մէջ կազմակերպուած են Սայաթ Նովայի նուիրուած ցուցահանդէսներ, երաժշտական փառատօներ, գրական-երաժշտական ցերեկոյթներ, յոբելենական ներկայացումներ, գիտական նիստեր` Հայաստանի գիտութիւններու ազգային հիմնարկին մէջ:
Հրատարակուած է նաեւ «Սայաթ Նովա 300» խորագրով գիրքը, նկարահանուած է մեծանուն երգահանին նուիրուած ժապաւէն, որ հանրութեան պիտի ներկայացուի 2013 թուականին: Ներկայիս ընթացքի մէջ են Սայաթ Նովայի երաժշտութեան առնչուած նախապատրաստական աշխատանքները:
Նախարարը վերյիշեցուցած է, որ Սայաթ Նովայի 300-ամեակը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նշանաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2012-2013-ի օրացոյցին մէջ:
Օրակարգային երկրորդ կէտով նիստին մասնակիցները հանդէս եկած են Սայաթ Նովայի 300-ամեակին նուիրուած այլ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող առաջարկներով: Յատկապէս առաջարկուած է աշխատանք տանիլ Սայաթ Նովան օտարներուն եւս ծանօթացնելու իմաստով. շեշտը դրուած է անոր նուիրուած գրականութիւնը եւ նիւթերը տարբեր լեզուներու թարգմանելու եւ միջազգային նախաձեռնութիւններու ընթացքին միջազգային հանրութեան ներկայացնելու կարեւորութեան վրայ:
Վարչապետ Սարգսեան ողջունած է այդ գաղափարը եւ` նշած. «Կարեւոր է միջազգային ասպարէզին մէջ ներկայացնել Սայաթ Նովային: Պէտք է մեծանուն երգահանին ներկայացնենք նաեւ անգլերէն եւ ռուսերէն թարգմանուած նիւթերով: Ընդհանրապէս, մենք պէտք է կարողանանք քարոզել մեր արուեստը, գրականութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը, այսինքն` միջազգայնացնել մեր պատմական մշակութային արժէքները», յայտնած է վարչապետը:
Սայաթ Նովային Նուիրուած Երաժշտութիւն
Պիտի Ստեղծուի
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Սայաթ Նովայի 300-ամեակի յոբելենական յանձնախումբին նիստը:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան զեկուցած է, որ 2012 թուականի սկիզբէն սկսած ձեռնարկները պիտի շարունակուին նաեւ 2013-ին: Ցարդ հանրապետութեան մէջ կազմակերպուած են Սայաթ Նովայի նուիրուած թեմաթիք ցուցահանդէսներ, երաժշտական փառատօներ, գրական-երաժշտական ցերեկոյթներ, յոբելենական ներկայացումներ, գիտական նստաշրջաններ` Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ:
Հրատարակուած է նաեւ «Սայաթ-Նովա 300» խորագրով գիրք, նկարահանուած է գծանկարային ժապաւէն, որ հանրութեան պիտի ներկայացուի 2013 թուականին: Ներկայիս ընթացքի մէջ են Սայաթ Նովա (միուզիքլի) երաժշտական նախապատրաստական աշխատանքները: Տեղեկացուած է նաեւ, որ Սայաթ Նովայի 300-ամեակը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անուանի մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2012-2013 թուականներու օրացոյցին մէջ:
Օրակարգային երկրորդ հարցով նիստի մասնակիցները հանդէս եկած են Սայաթ Նովայի 300-ամեակին նուիրուած այլ ձեռնարկներու կազմակերպման մասին առաջարկներով: Մասնաւորապէս, առաջարկուած է Սայաթ Նովայի նուիրուած գրականութիւնը և նիւթերը թարգմանել տարբեր լեզուներով և միջազգաին ձեռնարկներու ընթացքին ներկայացնել միջազգային հանրութեան:
Վարչապետ Սարգսեան ողջունած է այդ գաղափարը եւ նշած է, որ` «Կարեւոր է միջազգային ասպարէզին մէջ ներկայացնել Սայաթ Նովային: Պէտք է մեծանուն երգահանին ներկայացնենք նաեւ անգլերէն և ռուսերէն թարգմանուած նիւթերով: Ընդհանրապէս, մենք պետք է կարողանանք քարոզել մեր արուեստը, գրականութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը, այսինքն` միջազգայնացնել մեր պատմական մշակութային արժէքները», յայտնած է վարչապետը:
Քուէյթի Կառավարութեան 100 Հազար Տոլար Օգնութիւնը
Քարտերու Տեսքով Տրամադրուեցաւ
Սուրիահայ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Քուէյթի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին եւ «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաճեան պայմանագիր մը ստորագրեցին:
Քուէյթի Հանրապետութիւնը 5 միլիոն տոլար յատկացուցած է սուրիական ճգնաժամին պատճառով տարբեր երկիրներու մէջ սուրիացիներուն օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով: Քուէյթի կառավարութեան որոշումով Միջազգային իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով 100 հազար տոլար տրամադրուած է Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու:
Իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան և Քուէյթի դեսպանութեան աշխատակիցներու ջանքերով, «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան օգնութեամբ ուսումնասիրուած են Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն կարիքները եւ գնահատուած են անոնք: Քուէյթի դեսպանութեան աշխատակիցները կ՛ընտրեն ամէնէն յարմար գնային քաղաքականութեամբ հանրախանութը: Որոշուած եւ իրագործուած է սուրիահայ առաւել կարիքաւոր 1000 ընտանիքի տրամարել 20 հազար դրամի քարտ: Սփիւռքի նախարարութեան մէջ լրագրողներու և սուրիահայերու ներկայութեամբ նշուած քարտերը տրամադրուեցան «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի դեսպանին հետեւողական աշխատանքին համար: Ըստ նախարարին, օգնութեան տրամադրութիւնը Քուէյթի իշխանութիւններուն քաղաքական կամքի դրսեւորումն էր: Հրանուշ Յակոբեան վստահեցուց, որ քարտերը թափանցիկութեան եւ արդարութեան սկզբունքով Ամանորի շեմին բաշխուեցան Հայաստան գտնուող ամէնէն կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն:
Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին ի պատասխան հնչող շնորհակալութիւններուն` նշեց. «Մենք պարտաւոր ենք օգնել` առանց կրօնական եւ ցեղային պատկանելիութեան»:
«Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաճեան Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիահայերուն նկատմամբ այդքան ջերմ ուշադրութեան համար:
«Սէյվ Տը Չիլտըրըն» Կազմակերպութեան
Ներկայացուցիչներուն Հետ Սփիւռքի Նախարարը
Քննարկեց Սուրիահայերու Բնակարանային Հարցերը
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց «Սէյվ տը չիլտըրըն» կազմակերպութեան տնօրէն Իրինա Սաղոյեանը եւ ծրագիրի ղեկավար Ֆիլիփ Յովհաննիսեանը:
Հանդիպման նպատակը Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն որոշ հարցերուն համար լուծումներ որոնելն էր: Նախարարը տեղեկացուց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ սուրիահայերուն հետ տարուող աշխատանքներու համակարգող նախարարութիւնն է, ներկայացուց մինչեւ օրս նախարարութեան նախաձեռնութեամբ պետական մարմիններու եւ այլ նախարարութիւններու հետ իրականացուած աշխատանքի արդիւնքները: Նախարարը նշեց, որ Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն հիմնական հարցը կը շարունակէ մնալ աշխատանքի եւ բնակարանի հարցերը:
Նախարարը առաջարկեց, հաշուի առնելով Քասախ գիւղին մէջ կազմակերպութեան` գաղթականներու համար նախատեսուած շէնք կառուցելու փորձը, սուրիահայերուն համար եւս նմանատիպ նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ, եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն առաջնահերթ ուշադրութեան կեդրոնին պահել սուրիահայերու համար բնակարաններ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման աւարտին «Սէյվ տը չիլտըրըն»-ի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ նախարարութեան տրամադրած տեղեկատուութեան հիման վրայ պիտի կազմուի ծրագիր, որով կը դիմեն միջազգային կազմակերպութիւններ` անհրաժեշտ միջոցներ ներգրաւելու նպատակով:

