ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԵԸ-Ի ՃԱՏՐԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՄԱՅԻՍԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի ճատրակի յանձնախումբին, կիրակի, 8 մայիսին, Նազարեան վարժարանին մէջ (Հըրշ Թապեթ, «Ճի. Ճի. Էֆ.»ի դիմաց) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ միայն հայկական վարժարաններուն:

Տարեկան սովորութիւն դարձած այս մրցաշարքը միշտ տեղի կ՛ունենայ մեծ հետաքրքրութեամբ:

Նշենք, որ առաջին դիրքը գրաւողները մետալ եւ բաժակ ստանալէ բացի պիտի ստանան նաեւ նիւթական պարգեւներ: Բնականաբար մետալներ պիտի ստանան նաեւ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները:

Դիւրացնելու համար կազմակերպիչ յանձնախումբին աշխատանքը եւ մրցաշարքը կանուխ աւարտելու համար` մասնակցողները պարտին այդտեղ ներկայ գտնուիլ առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ:

Share this Article
CATEGORIES