ՕՍՄԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿ
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ`
ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ
ԱՅԴ ԱՐԺԷՔԻՆ ԹԵՐԻ ԸՆԿԱԼՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
95 տարիներ առաջ 6 մայիս 1916-ին, Պէյրութի այժմու Նահատակաց հրապարակին վրայ թուրքերուն կողմէ կախաղան բարձրացուած նահատակներէն Ապտել Ղանի Արայսիի վերջին խօսքը կ՛ըլլայ. «Ճեմալ փաշան տեղեկացուցէք, որ հանդիպումը մօտալուտ է, եւ որ այսօր սպաննուող մարդոց զաւակները ապագային իրենց սուրերով թուրքերուն պարանոցները պիտի կտրեն: Մեր գանկերը մեր երկրին անկախութեան հիմերը պիտի ըլլան»:
95 տարի ետք, սակայն, պատկերը այդ չէ, նահատակ Արայսիի վերջին խօսքին անդրադարձները այսօր նկատելի չեն լիբանանեան մակարդակի վրայ, գէթ` այն տարողութեամբ, որքան պէտք է եւ նահատակուողներուն կողմէ կ՛ակնկալուէր, որ ըլլար: Այսօր այդ սերունդներուն յաջորդները Ճեմալ փաշայի յաջորդներուն հետ բարեկամական կապեր հաստատելու, երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կը տանին` մոռնալով իրենց նահատակներուն կտակը, ակնկալութիւնը եւ անոնց զոհողութեան սրբազան ժառանգը:
Այս մէկուն փաստը լիբանանցիները տուած են զանազան առիթներով եւ հրապարակաւ` ընդվզում յառաջացնելով լիբանանահայութեան մօտ, յատկապէս` երիտասարդութեան, որուն համար նահատակութիւնը գոյութեան հիմք ու բարձրագոյն արժէք է:
Լիբանանի Նահատակաց օրուան 95-ամեակին առիթով «Ազդակ» զրոյցներ ունեցաւ լիբանանահայ երիտասարդներու հետ, որոնք լուսարձակի տակ առին նահատակութեան խորհուրդն ու խորքայնութիւնը, անդրադարձան լիբանանեան մակարդակի վրայ այս առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող անտարբերութեան, նաեւ, իբրեւ լիբանանցի, իրենց խօսքը ուղղեցին տարբեր ուղղութիւններով:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ».- 6 մայիսին Լիբանանի նահատակաց օրն է: Նախ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսէ նահատակութեան իմաստին ու արժէքին մասին:
ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Նահատակութիւնը ինքնին անձնազոհութեան բարձրագոյն մակարդակն է: Աւելի՛ն. նահատակուիլը ո՛չ միայն կը նշանակէ կեանք մը զոհել, այլ ամբողջ անցեալ մը, ներկայ մը ու ապագայ մը, կեանքի ընթացքին բոլոր յաջողութիւններ, ձեռքբերումներ, նուաճումներ, ապագայի յոյսեր, ուրախութիւններ` բոլորը զոհել, զրկել ընտանիքը, սիրելին, բարեկամն ու ընկերը մէկու մը գոյութենէն: Այս բոլորը ընելու համար անձ մը որքանո՛վ պէտք է հաւատայ իր գաղափարին ու ընտրած ուղիին ճշդութեան: Երբ նահատակութիւնը կը սահմանենք այսպիսով, այն ատեն կը գիտնանք նահատակին արժէքը` իբրեւ անձի, կորուստի. նաեւ կը գիտակցինք անոր ժառանգ ձգած գաղափարներուն ու նպատակին արժէքը:
ՓԱԹԻԼ ԵՍԱՅԵԱՆ.– Նահատակութիւնը պարզապէս անհատի մը մահը չէ վասն գաղափարի մը: Նահատակութիւնը անհատին ապրած կեանքն է, զոհողութիւնն է եւ նուիրումը, որոնք կ՛աւարտին անձնազոհութեամբ` կամովին թէ ակամայ:
Իւրաքանչիւր նահատակութիւն պէտք է առանձին սերտել, հասկնալ պայմանները, եւ ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ ան գերակշիռ է` թէ՛ կեանքի եւ թէ՛ մահուան:
ՏՕՆԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.– Նահատակութիւնը կ՛իմաստաւորուի նախ այն ծիրին մէջ, երբ տուեալ ժողովուրդի կամ խմբաւորումի մը, կամ ընդհանրապէս որեւէ բարձր արժէքի մը համար նիւթի (անհատի) զոհողութիւնը կ՛ըլլայ ի շահ ընդհանրականին:
Ուրեմն, նահատակութեան արժէքը կը կայանայ արժէքի մը գերադասումով ուրիշ նուազ արժէք ունեցող նիւթէ մը:
ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ.– Նահատակութիւն, այսինքն` մարտիրոսութիւն, մեռնիլ բանի մը համար, նպատակի մը համար, հաւատալով բանի մը: Նահատակութիւնը ամէն տեղ, ամէն ազգի մէջ կայ, բայց ամէն ժողովուրդ չի գիտեր արժեւորել իր նահատակները. այս հաստատումին փաստը լիբանանցի ժողովուրդն է:
«Ա.».- Լիբանանի մէջ նահատակներու օրը պէտք եղած շուքով կը նշուի՞, արդեօք լիբանանցիները իրենց նահատակներուն նկատմամբ անհրաժեշտ յարգանքը եւ անոնց կտակին կառչածութիւնը ունի՞ն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն, որ այդ նահատակներուն կարգին կան մեծ թիւով անձեր, որոնք զոհուած են օսմանցիներուն կողմէ, իսկ այսօր Լիբանան-Թուրքիա կապերը ամրապնդման ուղիով կ՛ընթանան:
Ա. Գ.- Լիբանանցիները (ժողովուրդը) բաժնուած են երկու մասի. առաջին` հանգիստ ապրողները, որոնք ուրախ-զուարթ քէֆի մէջ են, իսկ երկրորդ տեսակը անոնք են, որոնք կ՛աշխատին ապահովելու համար իրենց ապրուստը:
Լիբանանցիները (ղեկավարները) ամէն ինչ կ՛ընեն պահելու համար իրենց աթոռը:
Հետեւաբար Թուրքիոյ հետ կապ հաստատուած է կամ ոչ, 6 մայիսը յիշուած է կամ ոչ, որո՛ւ հոգը, որովհետեւ ամէն մարդ ունի իր անձնական նպատակը եւ շահերը. ժողովուրդ մը կամ ղեկավար մը, որ չի յարգեր իր նահատակները, պարզապէս հասած կ՛ըլլայ տգիտութեան գագաթնակէտին:
Փ. Ե.- Լիբանանցիին մօտ, ցաւ ի սիրտ, կը պակսի հաւաքական կեանքի հանդէպ հաւատքը, ինչպէս նաեւ` առհասարակ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը: Մայիս 6-ը շատ աւելի նուազ նշանակութիւն ունի անոր մօտ, քան` երկրի ժամանակակից պատմութեան այլ թուականներ, ինչպէս` փետրուար 14-ը եւ այլն…
Բնաւ զարմանալի չէր այն, որ Լիբանանի նահատակաց օրը դադրեցաւ պետական տօն ըլլալէ եւ փոխարինուեցաւ քրիստոնէական այլ տօնով մը: Այնքան ատեն որ իւրաքանչիւր որոշում եւ քայլ, որ կ՛առնուի, սկիզբ կ՛առնէ համայնքային նեղ դիտանկիւնէ եւ թուաբանական փակ հաշիւներէ, նմանօրինակ թուականներ յիշելը շահեկան ոչ մէկ թիրախ ունենալով` կ՛անտեսուին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, պարզապէս յաւելեալ պատճառ մը դարձան միանգամընդմիշտ Լիբանանի նահատակաց օրը մոռացութեան գզրոցներուն մէջ նետելու: Այսօրուան պայմաններուն մէջ կառավարութեան համար առաւել դատապարտելի է Թուրքիոյ հետ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու խաթարումը, քան` Լիբանանի պատմութեան եւ անոր պետականութեան ձգտող նահատակներուն յիշատակը:
Տ. Տ.- 6 մայիսը Լիբանանի նահատակներու յիշատակի օրն էր, եւ այսօր դարձած է սովորական օր մը, ուր ոչ մէկ միջոցառում կը տեսնենք այդ յիշատակը ոգեկոչելու` թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւններու, թէ՛ պետական մակարդակի վրայ, ինչ որ կը փաստէ լիբանանցիներուն անհաւատարմութիւնը եւ չյարգելը իրենց նահատակները, եւ որուն ազդեցութիւնը կարելի է տեսնել նորահաս սերունդին վրայ, եթէ ոչ այսօր, ապա` երկարատեւ ժամանակի մը վրայ, «Ազգային դաստիարակութեան» հարուած կը հասցնէ, որովհետեւ հիմնուելով պատմութեան անհերքելի իրողութիւններու վրայ` ժողովուրդներու գոյատեւման հիմնական ազդակներէն մէկն է ունենալ պատմական արժէքներ եւ պատմութեան ճամբով փոխանցել նորահաս սերունդին, ինչ որ փաստօրէն լիբանանցին ըրած չէ: Աւելի՛ն. ան այսօր թոյլ կու տայ Թուրքիոյ` Լիբանան ներթափանցման գործընթացին, տարբեր մակարդակներու վրայ, ըլլան անոնք քաղաքական, մշակութային, քարոզչական, մշակութային, տնտեսական թէ այլ, ինչ որ ցոյց կու տայ լիբանանեան դաստիարակութեան ապազգային բնոյթը:
Ա. Բ.- 6 մայիսի նահատակներուն հանդէպ լիբանանեան կեցուածքը որեւէ ձեւով վայել չէ ազգի կամ ժողովուրդի մը: Առաջին հերթին, արդէն իսկ «Նահատակներու օր» անունը փոխարինուած է «Լրագրողներու օր» անունով, իսկ այս անարգանքը կարծես բաւարար չըլլալով` լիբանանցին անգամ մը եւս իր նահատակները սպաննեց, երբ Թուրքիոյ վարչապետին, թուրք դահիճին ժառանգորդին նկարները այդ նահատակներէն մնացած միակ նշոյլին` յուշակոթողին դիմաց կանգնեցուցին: Մայիս 6-ին թուրքին զոհ գացած նահատակները այլեւս արժէք չեն ներկայացներ այսօրուան լիբանանցիին համար, եւ շատ հետաքրքրական է այն երեւոյթը, թէ ոեւէ լիբանանցի, բացի հայերէն, չընդվզեցաւ Լիբանան-Թուրքիա պետական յարաբերութիւններուն ամրապնդումէն, մինչ Թուրքիա տակաւին Լիբանանի անկախութիւնը կերտած նահատակին սպաննած ըլլալը չ՛ընդունիր:
«Ա.».- Իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի երիտասարդ, ի՞նչ խօսք ունիս այս առիթով` ներկայ երիտասարդութեան, ղեկավարներուն կամ այլ անձերու:
Փ. Ե.- Մէկ կողմէ նահատակներու անտեսումը, իսկ միւս կողմէ` քաղաքական կեանքին մէջ նահատակութեան գաղափարին շահարկումը տխուր եզրակացութեան սահմանումի մը դուռը կը բանան. լիբանանցին տակաւին չէ ըմբռնած, թէ ի՛նչ է նահատակութիւնը (խօսքը մեծամասնութեան մասին է): Իբրեւ առաջին քայլ` թող իւրաքանչիւր խելահաս քաղաքացի, իբրեւ պարտականութիւն, լաւապէս ծանօթանայ իր պատմութեան, որպէսզի համոզումով կարենայ յարգանք ցուցաբերել Լիբանանի նահատակներուն հանդէպ:
Ա. Բ.- Շատ պարզ, կարճ եւ կտրուկ. նահատակութեան արժէքը չգիտցողը արժանի չէ այդ նահատակութիւնը վայելելու, արժանի չէ այդ նահատակութեան իբրեւ արդիւնք այսօրուան վայելած անկախութեան ու ազատութեան, ինչպէս նաեւ նոր ու գալիք նահատակներու արժէքը բնա՛ւ պիտի չգիտնայ ու յարգէ:
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր լիբանանցիներուն` վերատեսութեան ենթարկելու ցարդ առած իրենց քայլերը թուրքին հանդէպ. ասիկա անշուշտ պիտի ընեն, եթէ գիտեն, թէ նահատակութեան իսկական իմաստը ի՛նչ է:
Ա. Գ.- Խօ՞սք … Բոլորս ալ գիտենք, թէ Լիբանանը որքա՛ն կը տուժէ այս հարցերէն, բայց կարծէք արթննալու ալ միտք չկայ, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, լիբանանցին չի գիտեր իր նահատակին արժէքը: Վերջապէս, իսկապէս ուրախանալի երեւոյթ է, որ ամէն տարի լիբանանահայ աշակերտներ ծաղկեպսակ կը դնեն Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, ուր ոչ մէկ լիբանանեան դպրոց ներկայ կ՛ըլլայ:
Տ. Տ.- Հարցումին պատասխանեմ հարցումով մը` հետագային պատասխան մը ստանալու յոյսով: Երբ ազգի մը զաւակն եմ, որ պատմութեան ընթացքին յաճախ արժեւորած եւ յարգած է նահատակութիւնը, կարելի՞ է նաեւ ինքզինքս զգամ Լիբանանի քաղաքացի:
Իսկ իբրեւ վերջին խօսք` Լիբանանի երիտասարդութեան, ղեկավարութեան կ՛ըսեմ: Պառակտուածութիւնը միասնականութեան վերածելու համար ունիք պատմական արժէքներ, զորս պէտք է օգտագործել` հասցնելու համար միատեսակ լիբանանեան դիմագիծով մը ներկայանալու:
ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՈՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
1632
Պըրժ Քաշաֆը կը վերանորոգուի Ֆախրէտտին Մաանի Բ.ի կողմէ, Միտան հրապարակին մօտակայքը:
1879
Ֆախրի պէկի եւ Պէյրութի երեւելիներուն նախաձեռնութեամբ, հանրային պարտէզ մը կը հաստատուի Միտան հրապարակին կեդրոնը:
1884
Հրապարակը կ՛անուանեն Համիտիէ` սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անունով:
1908
Իթթիհատ հրապարակ` Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութեան անունով, սահմանադրութեան հռչակումով պարտէզը կը կոչուի Ազատութեան պարտէզ:
1918 Ֆայսալ Արապիի կառավարութիւնը կը պահանջէ հրապարակը անուանել Նահատակաց հրապարակ:
1929
կը յառաջացուի յանձնախումբ մը` նուիրատուութիւններ հաւաքելու եւ Նահատակաց յուշարձան կառուցելու: Եուսեֆ Հըուայեք քանդակագործին կը վստահուի յուշարձանին մտայղացումը:
1930
Բացումը կը կատարուի «Նայիհին» յուշարձանին` նահատակներու գերեզմանին վրայ ողբացողներու:
1931
Արշաւ` Եուսեֆ Հըուայեքի կերտած արձանին դէմ:
1937
Նահատակաց օրուան անդրանիկ նշում` հովանաւորութեամբ նախագահ Էմիլ Էտտէի եւ վարչապետ Խայրէտտին Ահտապի, ինչպէս նաեւ` նախարարներու եւ ժողովուրդի ներկայութեամբ:
1952
Միջազգային մրցանք` նոր յուշարձանի. յաղթանակ կ՛ապահովէ լիբանանցի երկրաչափ Սամի Ապտել Պաքի, սակայն անոր գործը լոյս աշխարհ չի գար:
1955
Հրապարակը առանց յուշարձանի կը մնայ:
1956
Նախագահ Քամիլ Շամուն հիմնարկէքը կը կատարէ երկրաչափ Ապտել Պաքիի կառուցելիք յուշարձանին:
1958
Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը պարտականութիւն կու տայ իտալացի քանդակագործ Մազքուրաթիի` նոր արձան մը կառուցելու, խանդավառուած Ռիատ Սոլհի արձանի յաջողութենէն:
1960
Նոր արձանին բացումը կը կատարուի նախագահ Ֆուատ Շեհապի ներկայութեամբ: Անիկա կը մարմնաւորէ կին մը, որ մէկ ձեռքով կը կրէ ջահ մը, իսկ միւսով կը գրկէ երիտասարդ մը: Անոր դիմաց եւ ետեւը երկու նահատակներ կան: Արձանին երկարութիւնը 4 մեթր 30 սմ. է, իսկ լայնքը` չորս մեթր:
1975
Յուշարձանին որոշ մասեր վնասուեցան ռմբակոծումներուն պատճառով: Պատերազմէն ետք անիկա վերանորոգուեցաւ: