ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ԳԵՐՃՆՇՈՒՄԻ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱՔԱՅԼԸ` ՅԱՃԱԽ ՃՆՇՈՒՄԻ ԲԱԶԿԵՐԱԿԸ ՔՆՆԵԼ ՏԱԼՆ Է» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԸՍԱՒ ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԷՃԻՏԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժշկական միութեան, երէկ` հինգշաբթի, 5 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, գերճնշումի եւ սրտի տագնապի մասին դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ միութեան կեդրոնին մէջ` Նոր Հաճըն- Մար Մխայէլ մայրուղիին վրայ:

Վարչութեան անդամ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով ողջունեց ներկաները եւ իր բացման խօսքով հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:

Լիբանանահայ բժշկական միութեան նախագահ, սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց գերճնշումի դրդապատճառները, հետեւանքներն ու որդեգրուելիք միջոցառումները: Անգլերէնով ներկայացուած այս դասախօսութեան ընթացքին տոքթ. Էճիտեան ներկայացուց մասնագիտական տեղեկութիւններ` նշեալ հիւանդութեանց գծով: Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ հերթաբար ներկայացուող այս դասախօսութիւնները եւ յատկապէս երէկուան այս դասախօսութեան հովանաւորութիւնը ստանձնած էր դեղօրայքի «Ֆայզըր» ընկերութիւնը (phizer):

Առաւելաբար մասնագէտ հայ եւ ոչ հայ բժիշկներու ներկայութեան փոխանցուած տեղեկութիւնները, «փաուըր փոյնթ»ի (power point) սահիկներու ցուցադրութեամբ օգտաշատ նորութիւններ աւելցուցին բժշկական մարզի այս ճիւղին վրայ:

Արդարեւ, տոքթ. Էճիտեան համապատասխան մեկնաբանութեանց ընկերակցութեամբ ճշգրիտ վարկածներով ներկաներուն փոխանցեց բրիտանական անկլոսաքսոնական եւ սքանտինաւեան ուսումնասիրութեան` ԱՍՔՈԹ բժշկագիտական մանրամասնութիւնները: Անգլերէնով, ինչպէս նաեւ երբեմն արաբերէնով ու ֆրանսերէնով կատարած իր մեկնաբանութիւններով տոքթ. Էճիտեան զանազան հիւանդութեանց մասնագէտ բժիշկներուն ներկայացուց այս մարզին մէջ առաւելաբար ճանչցուած ու գործածուող «ամլոտիփին» դեղին օգտագործման առաւելութիւնը:

Արդարեւ, շնորհիւ այս քայլին, կարելի եղած է, ըստ ԱՍՔՈԹ-ի ուսումնասիրութեան, կանխարգիլել գերճնշումի հաւանականութիւնները, նուազեցնել երակային բազմաթիւ բարդոյթներու քանակը եւ նուազեցնել նաեւ սրտի եւ ուղեղի կաթուածներու հաւանականութիւնը:

Այս առիթով «Ազդակ»ի հարցումներուն պատասխանելով` տոքթ. Էճիտեան թելադրեց, որ սրտի տագնապի թէ գերճնշումի կանխարգիլման հիմնական` բանալի միջոցառումը` յաճախ հետեւիլն է մեր անձնական գերճնշումի զարկերուն: Աւելի կարեւորը` փութալ բժիշկին դիմելու եւ չանտեսել գերճնշումի բարձր ու ծայրայեղ զարկերը, որոնք կրնան խիստ վտանգաւոր դառնալ անտարբերութեան պարագային:

 

 

Share this Article
CATEGORIES