Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013-ը Կը Հռչակէ «Հայ Մօր Տարի»
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին հռչակած է «Հայ մօր տարի»: Այս առիթով գրուած վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ կիրակի, 13 յունուարին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան կ՛ըսէ. «Ներկայ տարին «Հայ մօր տարի» հռչակելով` Մեր սպասումն է, որ`
ա) Անդրադառնանք մեր կեանքին մէջ հայ մօր վիճակուած նուիրական առաքելութեան:
բ) Վերահաստատենք հայ մօր նկատմամբ մեր ունեցած խորունկ սէրն ու բարձր յարգանքը:
գ) Յիշեցնենք միաժամանակ հայ մօր իր եզակի դերն ու ճշմարիտ դիմագիծը միշտ պայծառ պահելու հրամայականը:
Հետեւաբար, Մեր այս սպասումներուն լոյսին տակ, Մեր հայրական թելադրութիւնն է ուղղուած մեր թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեանց ու մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցներուն, որ ներկայ տարուան ընթացքին յատուկ նախաձեռնութիւններով վերաշեշտեն ու վերարժեւորեն հայ մօր տիպարը` իր հարազատ պատկերով ու առանցքային դերով մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ հայրենիքի կեանքին մէջ»:

