«Մոսկուա Մեծ Ջանք Կը Թափէ «Վեցեակ»-ի Ժողովի Թուականն Ու Վայրը Ճշդելու Համար» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Սերկէյ Ռիապքով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց, որ պէտք է Իրանի եւ «վեցեակ»-ի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումին թուականն ու վայրը կարելի եղածին չափ շուտ ճշդել` նշելով, որ այս հարցով ձգձգումը վատառողջութեան ցուցանիշ է:

Ան ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ «առնչակից կողմերը չեն կրնար այս հանդիպումը կատարելու շուրջ համաձայնութեան հասնիլ, հակառակ տօնական շրջանին այս հարցով հաղորդակցութեանց շարունակման»:

Ռիապքով աւելցուց, որ «ոչ ոք բանակցութեանց նոր հանգրուանի մը կ՛ընդդիմանայ եւ ատիկա դրական է, սակայն այդ հանգրուանին թուական եւ վայր ճշդելու դժուարութիւններ գոյութիւն ունին»` ընդգծելով, որ «Մոսկուա այդ հարցը յստակացնելու համար մեծ ջանք կը թափէ»:

Share this Article
CATEGORIES