Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած 48 Իրանցիները Ազատ Արձակուեցան

Ազատ արձակուած իրանցի պատանդները

Իրանեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութիւնը ազատ արձակած է 48 իրանցի պատանդները, որոնք փոխանակուած են Սուրիոյ ապահովական ուժերուն կողմէ ձերբակալուածներու հետ: Կառավարութեան կողմէ ազատ արձակուեցան շուրջ 2130 անձեր, ներառեալ` Թուրքիոյ քաղաքացիներ:

Թրքական «Հապեր7» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանցիները ազատ կ՛արձակուին Թուրքիոյ ու Քաթարի միջամտութեամբ եւ ի պատասխան կառավարութեան քայլին, եւ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց ու ազատութիւններու կազմակերպութեան ղեկավար Պիւլենթ Եըլտըրըմը փոխանակման նպատակով Դամասկոս մեկնած է: Սակայն իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարի օգնականը վստահեցուցած է, որ «իրանցի այցելուներու ազատ արձակման համար զինեալ խմբաւորումներուն հետ համաձայնութիւն չկայ»:

Իրանցի 48 քաղաքացիները առեւանգուած էին օգոստոս 2012-ին` Դամասկոսի մէջ: Զանոնք առեւանգած զինեալ խմբաւորումը կը պնդէր, որ անոնք Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ են: Սակայն, Թեհրան կը հերքէր այդ մէկը` պնդելով, որ անոնք Սուրիոյ մէջ գտնուող շիի սրբավայր մը այցելող ուխտաւորներ են:

Մինչ այդ, իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամետ Ռեզա Ռահիմի Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ Իրան կ՛ողջունէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցած Սուրիոյ տագնապի լուծման նախագիծը:

Ան նշած է, որ «ահաբեկիչներն» ու օտարերկրեայ ուժերը պէտք է հասկնան, որ Սուրիոյ ժողովուրդը բարեփոխում ու խաղաղութիւն կ՛ուզէ եւ օտարերկրեայ միջնորդները պիտի չընդունի:

Ռահիմի նաեւ նշած է, որ անհրաժեշտ է սուրիացի եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ հանդիպում իրականացնել:

Նշենք, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը երէկ նիստի մը ընթացքին վաւերացուց Սուրիոյ տագնապի լուծման Ասատի ծրագիրը:

Միւս կողմէ, ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի եւ ռուս ու ամերիկացի դիւանագէտներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր` Ժընեւի մէջ:

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ ճգնաժամը քննարկելու նպատակով մեկնած է Ռուսիա:

Ան երկօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը բարձրաստիճան ռուս պաշտօնատարներու հետ:

Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Սինիրլիօղլու Ռուսիա մեկնած է իր պաշտօնակից Միխայիլ Պոկտանովի հրաւէրով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան մէկ պաշտօնատարը «Սոնտաքիքա»-ին յայտնած է, որ Սինիրլիօղլու Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ յստակ առաջարկներ ներկայացնելու համար մեկնած է Մոսկուա:

Կը նախատեսուի, որ Սինիրլիօղլու Ռուսիա իր այցելութենէն ետք նաեւ այցելէ Միացեալ Նահանգներ:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի մէջ Իրանի դեսպան Մաժթապա Ամանի յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Քաթար եւ Ափրիկէ իր այցելութիւններէն ետք Եգիպտոս այցելելով հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապի լուծման Ասատի ծրագիրը: Ան նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ եգիպտացի իր պաշտօնակից Մոհամետ Ամրոյի, Լախտար Իպրահիմիի եւ Ազհարի շէյխին հետ:

Մինչ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճորճ Լիթըլ երէկ յայտարարեց, որ «չունինք որեւէ տեղեկութիւն, որ ցոյց կու տայ, թէ սուրիական վարչակարգին մօտ քիմիական զէնքեր օգտագործելու միտում գոյութիւն ունի», բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկացի եւ միջինարեւելքցի մասնագէտներ կը զգուշացնեն, որ Սուրիոյ ենթադրաբար գաղտնի վայրի մէջ պահուած 500 թոն ոչ հարստացուած իւրանիոմի պահեստի ճակատագիրը կրնայ ապահովական վտանգ մը ներկայացնել, եթէ երկրին մէջ զինեալ բախումները շարունակուին:

Share this Article
CATEGORIES