Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ սպառնացած է հրաժարիլ կառավարութենէն, եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը վաւերացուի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերահաստատած է, որ ինք կ՛ընդունի որեւէ ընտրական օրէնք, որ կը վայելէ միջքրիստոնէական համախոհութիւն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ինք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած է, թէ ինք կը մերժէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին դէմ պիտի քուէարկեն:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները յառաջիկայ երկուշաբթի «բարկութեան օր» յայտարարեցին:
ԹԱՊԱՐԺԱՅԻ պանդոկներէն մէկուն մօտ սպաննուած կնոջ մը դիակը գտնուած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Մուսթաքպալ հոսանքը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին վաւերացումը կը խոչընդոտեն` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է վերջ տան այլ համայնքներուն հաշուոյն ընդարձակուելու եւ հզօրանալու իրենց ընթացքին:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները տօնական օրերուն առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինին թիթեղը 400 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրած է, 95 օքթանը` 300 լ. ոսկիի, մազութին եւ կազին թիթեղը սակի փոփոխութիւն չէ արձանագրած, իսկ պիւթակազին շիշը 300 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ ինք Լիբանանէն առաջին գաղթողը պիտի ըլլայ, եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը վաւերացուի: Ան աւելցուց, որ այդ օրինագիծը Լիբանանի համար ամօթ պիտի նկատուի:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին վաւերացումը Լիբանանի աւարտին համազօր է: Ան նշեց, որ պէտք է կառչած մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին սկզբունքներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային խորհուրդ մը, որուն պարտականութիւնն է խորհրդարանին մէջ համայնքային դրութիւնը ջնջել:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Թոնի Նասրալլա մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահը ինքզինք իսկական խորհրդականներով շրջապատէ:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ ընտրական այն օրէնքը, որ համայնքային դրութիւնը ջնջելու վրայ հիմնուած չէ, ապօրինի է եւ անիրաւութիւն պատճառող:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքն է, որ իսկական հաւասարութիւն եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կրնայ ապահովել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը կը բզկտէ լիբանանեան ընկերային հիւսուածքը: