Սպանիա ՖԻՆԻՒԼ-ի Իր Զօրամասը Տուն Պիտի Կանչէ
Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Փետրօ Մորինես շեշտեց, որ Սպանիա հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած իր բոլոր ուժերը տուն պիտի կանչէ 2013 եւ 2014 տարիներուն ընթացքին: Ան նկատել տուաւ, որ Սպանիա Լիբանանի մէջ իր հիմնական նպատակները իրագործած է:
Մորինես նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական ուժերը արդէն իսկ ամբողջացուցած են իրենց առաքելութիւնը, որ ոչ մէկ կապ ունի Սուրիոյ հետ:
Ան դիտել տուաւ, որ կարելի է Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական ուժերու փոքր խմբակ մը ձգել, որպէսզի անիկա շարունակէ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւններ մատուցել:
CATEGORIES Լիբանանեան


