Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքը Քննարկող Խորհրդարանական Յանձնախումբին Աշխատանքով Լաւատես Եմ»
Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց ներկայութեան ան յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ ու լաւատես է ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական յանձնախումբին աշխատանքով եւ անհրաժեշտ կը նկատէ այդ աշխատանքին զօրակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ ընտրական նոր օրինագիծի մը:
Պըրրի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ընտրական օրինագիծերուն քննարկումները ճկուն կերպով եւ հանդարտօրէն կատարել` հեռու մնալով երկրին մէջ տիրող քաղաքական ցեխարձակումներէն:
CATEGORIES Լիբանանեան


