Կառավարութիւնը Փրկարար Աշխատանքներու Գերագոյն Խորհուրդին Տրամադրեց 3 Միլիառ Լ. Ոսկի

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն բացակայեցաւ նախարար Սելիմ Քարամ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 56 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը իմաստուն կեցուածք որդեգրած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածքի ցուցաբերումով:

«Այսօր բոլորը արդէն համոզուած են, որ ատիկա ճիշդ կեցուածք է եւ անիկա անհրաժեշտ է Լիբանանը անձեռնմխելի պահելու առումով», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի ողջունեց ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբին աշխատանքներուն շարունակումը` շեշտելով, որ կարեւորագոյնը երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակին կատարելն է: Այս ծիրին մէջ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ, «սակայն մենք պատրաստ ենք քննարկելու նաեւ ընտրական այն օրինագիծերը, որոնց շուրջ համախոհութիւն կը գոյանայ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց բոլոր նախարարութիւններուն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան միաւորներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու եւ Լիբանանը հարուածող այս ձիւնամրրիկէն պաշտպանելու երկիրն ու քաղաքացիները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է ձիւնամրրիկին զոհերուն ընտանիքներուն եւ անկէ վնասուած քաղաքացիներուն օժանդակութեան համար Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին 3 միլիառ լ. ոսկի տրամադրելու որոշումը:

Կառավարութիւնը որոշած է նաեւ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն արձանագրած շահերը տրամադրել քաղաքապետարաններուն:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է նաեւ ճարտարարուեստի մարզին պարագային Հարաւային Քորէայի, Նիկերիոյ եւ Թունուզի հետ գործակցութիւն ստեղծելու որոշումը:

Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւններ ընդունիլ, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն համար արտաքին օժանդակութիւններ ընդունիլ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատին, որմէ իմացաւ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող որոշ թղթածրարներուն մանրամասնութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ամբողջացնել այդ թղթածրարներուն քննարկումը, յատկապէս նախկին նախարար Միշել Սըմահայի թղթածրարը, որուն գծով նախնական ամբաստանութիւնը արդէն իսկ պէտք է արձակել:

«Նոյնպէս պէտք է որոշումներ տալ նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձին, իսլամական արգելափակեալներու թղթածրարին, կեղծուած դեղորայքի հարցին եւ նեխած հօտերու թղթածրարին առնչութեամբ», ըսաւ վարչապետը:

Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ Փրկարար աշխատանքի գերագոյն խորհուրդը պէտք է աշխուժացնէ իր աշխատանքները եւ Թրիփոլիի զինեալ բախումներէն վնասուողներուն հատուցումները կատարէ:

Նշենք, որ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու աշխատանքներուն մասին իր կարծիքը յայտնելով` վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ինք Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին նկատմամբ վերապահ կեցուածք ունի` աւելցնելով, որ «այդ օրինագիծը վաւերացնելու պարագային առիթ տուած կ՛ըլլանք, որ շատեր ապագային արծարծեն պետական պաշտօններու եռեակ բաժանումի (սիւննի-շիի-քրիստոնեայ) հարցը, որ աւելի ուշ կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքներուն վրայ»:

Share this Article
CATEGORIES