Նախագահ Սլէյման Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Ձիւնամրրիկին Դէմ Դնելու Եւ Քաղաքայիններուն Օժանդակելու Մանրամասնութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց բանակին, ապահովութեան ուժերուն, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ Կարմիր խաչին տարած աշխատանքները` դէմ դնելու համար Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկին եւ օժանդակելու համար քաղաքայիններուն:

Զօր. Քահուաժի նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի, որ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ հանրապետութեան նախագահին յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզի կողմէ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Ռիատի մէջ 21 եւ 22 յունուարին տեղի ունենալիք Տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման արաբական Գ. վեհաժողովին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որ յայտնեց, թէ Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Սապահ իշխանը կը ծրագրէ կազմակերպել վեհաժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին սուրիացի գաղթականները ընդունող երկիրներուն օժանդակութիւն յատկացնելու կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES