Լիբանան Իր Լեռներով Եւ Ծովեզերեայ Շրջաններով Հագուեցաւ Սպիտակը

Ժունիէի մայրուղին` ձիւնով ծածկուած

Լիբանան ծածկուած է սպիտակով. զայն հարուածած ձիւնամրրիկին երրորդ օրուան ընթացքին արդէն իսկ ամէն ինչ ներկուած է սպիտակով, որ յոյսի, կեանքի ու խաղաղութեան խորհրդանիշն է:

Ոմանց համար ձիւնը իր առատութեամբ բարիքի եւ բարեբերութեան խորհրդանիշը նկատուեցաւ, իսկ այլոց համար, յատկապէս անոնց, որոնք մեծ վնասներ կրեցին եւ իրենց բոլոր ունեցուածքը` տուն մը, անկողին մը եւ պահարան, ամբողջութեամբ կորսնցուցին, եղաւ չարիք:

Լիբանանի լեռնային բոլոր շրջաններն ու ծովուն մակերեսէն 300 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջանները բնակող քաղաքացիներուն համար գրեթէ անկարելի եղաւ իրենց բնակարաններէն դուրս գալն ու իրենց առօրեայի օրակարգով գործելը: Այդ շրջաններուն մէջ քաղաքացիները մնացին իրենց բնակարաններուն մէջ եւ դուրս եկան շատ անմիջական կարիքներ հոգալու համար:

Ներքին ապահովութեան ուժերը, բանակը, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու Կարմիր խաչը, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան եւ Փրկարար աշխատանքի գերագոյն խորհուրդի անձնակազմերը ամբողջ օրուան ընթացքին մնացին կազմ ու պատրաստ եւ անոնք ամէն ջանք ի գործ դրին` օժանդակելու քաղաքացիներուն եւ հսկելու անոնց ապահովութեան:

Պիքֆայայի դպրեվանքը եւ Ս. Աստուածածին մատուռը

Ձիւնամրրիկը, որ շատերու կողմէ հարս կոչուեցաւ, իր սպիտակով ծածկեց նաեւ Սայտայի եւ Պաթրունի ծովեզերքը` հասնելով մինչեւ Ժունիէի մայրուղի:

Հայ Սըլլոմի մէջ սակայն ողբերգութիւնը շարունակուեցաւ: Ամբողջովին լքեալ այս շրջանը երէկ եւս տնքաց յորդած Ղատիր գետին ջուրերուն պարտադրած կացութեան ներքեւ:

Ցեխով, աւազով, կոյուղիի ջուրով եւ ջուրերով պատուած այս շրջանին մէջ քաղաքացիները շարունակեցին իրենք զիրենք փրկելու աշխատանքը, որ սակայն անբաւարար դուրս եկաւ եւ ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրեց:

Շրջանին բոլոր բնակիչները, որոնք անխտիր նիւթական վնասներ կրեցին, մեղադրեցին լիբանանեան իշխանութիւններն ու պետութիւնը` իրենց շրջանին նկատմամբ երբեք հոգատարութիւն չցուցաբերելու յանցանքով:

Այս մասին խօսելով` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Հայ Սըլլոմի հարցը լուրջ է եւ հսկայ: Ան ըսաւ, որ այդ շրջանը կարիքը ունի արմատական լուծման, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, առողջութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցին

Արիտի յայտնեց, որ կարելի չէ երաշխաւորել, թէ ապագային նման դէպքեր չեն պատահիր այս շրջանին մէջ, որովհետեւ տակաւին ոչ ոք կը մտածէ արմատական լուծման մասին, որ կ՛ընդգրկէ ենթակառոյցներու ամբողջական դրութիւն: «Ասիկա կ՛ենթադրէ քաղաքական մեծ որոշում մը, որ տարիներէ ի վեր կը յետաձգուի, եւ պէտք է անպայման գործադրել այդ որոշումը», ըսաւ ան:

Ըստ նախարար Արիտիի, նախարարութեան անձնակազմը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին եւ մինչեւ առաւօտեան ժամը 3:00 ճիգ չխնայեցին օժանդակելու Հայ Սըլլոմի բնակչութեան: Ան նշեց, որ իր խիղճը հանգիստ է եւ ինք պատրաստ է պատասխանելու որեւէ հարցումի:

Հարաւային Լիբանանի մէջ եւս առատ ձիւն տեղաց, ինչպէս նաեւ յորդեցան գետեր եւ արձանագրուեցան հողի սահանքներ:

Նապաթիէի եւ անոր շրջակայքին մէջ արձանագրուեցան հողային սահանքներ եւ Հապուշի ու Արապսալիմի գետերը յորդեցան` պատճառելով ողողումներ եւ նիւթական մեծ վնասներ:

Քֆարթըպնիթի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի մէջ եւս ճամբաները փակուեցան ձիւնով եւ անկարելի եղաւ անոնց օգտագործումը:

Պէյրութի մէջ տիրեց ապահով կացութիւն եւ երթեւեկի հեզասահ ընթացք:

Միւս կողմէ, կրթութեան նախարարութեան որոշումով Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները այսօր եւս փակ պիտի մնան` շարունակուող ձիւնամրրիկին պատճառով:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ձիւնամրրիկին պատճառով այսօր բոլոր մանկամսուրները եւս փակ պիտի մնան:

Կը նախատեսուի, որ ձիւնամրրիկը վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ վերջ գտնէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )