ՖԻՖԱ-ն Պատժեց Պուլկարիոյ Եւ Հունգարիոյ Ֆութպոլի Հաւաքականները
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ն պատժամիջոցներ սահմանեց Պուլկարիոյ եւ Հունգարիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն դէմ:
ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ թէ՛ հունգարացիները եւ թէ՛ պուլկարացիները իրենց յաջորդ հանդիպումները պիտի կատարեն առանց իրենց համակիրներուն:
Յառաջիկայ 22 մարտին Պուլկարիա – Մալթա մրցումին առանց իր համակիրներուն ճակատելէ բացի, Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի վճարէ նաեւ 38 հազար եւրոյի տուգանք մը:
Դարձեալ յառաջիկայ մարտին, Ռումանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, առանց իր համակիրներուն իր մրցումը կատարող Հունգարիա պիտի վճարէ 43 հազար եւրոյի տուգանք մը:
ՖԻՖԱ-ի պատժական յանձնախումբը այս պատժամիջոցները տնօրինեց երկու երկիրներուն դէմ, որովհետեւ անոնց համակիրները, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով իրենց կատարած մրցումներուն ցեղապաշտական բնոյթի բացագանչութիւններ արձակեցին` խախտելով ՖԻՖԱ-ին օրէնքները:

