Մտորումներ Տօնական Օրերէն Ետք. Հրավառութիւն` Հաճոյքի Եւ Արկածի Համար

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Լիբանանեան սովորութիւն է: Ամէն անգամ որ տօն մը ունենանք, կրակոցներով, հրավառութեամբ կը դիմաւորենք: Հարսանեկան հանդիսութիւն, խրախճանքի գիշեր մը, մասնաւորաբար` քրիստոնէական թէ մահմետական համայնքներու վերաբերեալ տօներ, կը ստեղծուի անտանելի, զզուեցնող եւ սարսափ սփռող, պատերազմական օրերը յիշեցնող տրամադրութիւն:

Այս «խանդավառութիւնը» գերազանցօրէն կը բարձրանայ ու կը սաստկանայ Նոր տարուան գիշերը, նոյնիսկ` Կաղանդի երեկոյէն օր մը կամ երկու օր առաջ, ցերեկային թէ գիշերային հրավառութիւններով եւ պայթուցիկներով, մանուկներուն մասնակցութեամբ կը շարունակուի: Ոչ ոք կը մտածէ քնացողներուն, հիւանդներուն երեխաներուն մասին: Ահաւոր, սարսափազդու ձայները կը շարունակուին օրերով: Նոր տարին դիմաւորելու ժամերուն կը հասնին գագաթնակէտին: Այս օրերուն կը պատահին նոյնիսկ արկածներ, մինչեւ իսկ` մահ, կոյր փամփուշտներու անմեղ զոհեր: Անվնաս նկատուած գունագեղ, պատկերաւոր ու աստղազարդ հրաշագեղ լուսաւորումները կը հաճոյացնեն աչքերը, նոյն ատեն կը խլացնեն ականջները:

Հասկնալի է, որ նման օրերուն եւ գիշերներուն այս կրակոցները ըլլան, բայց` չափաւոր, պարզապէս տօնական տրամադրութիւն ներշնչելու: Ինչ իմաստ ունին արդեօք երկարատեւ զինարձակումները: Իւրաքանչիւր անպաշտօն զինեալ կը փորձէ իր ատրճանակին, իր ծանր զէնքին զօրութիւնը, կը փորեն անոր ուժը, հասողութիւնը եւ ձայնային հզօրութիւնը: Ամէն ինչ իր չափին մէջ գեղեցիկ է եւ օգտակար: Սահմանազանցութիւնը անընդունելի է, վնասակար, անհաճոյ եւ զզուելի:

Միջազգային լրատուական հաղորդումները յայտնեցին, թէ եւրոպական ու ամերիկեան, լատին ամերիկեան երկիրներու մէջ, նոյնպէս ափրիկեան ցամաքամասին մէջ նոր տարուան հրավառութիւնները պատճառած են վիրաւորներ, մահացողներ: Թող չկարծուի, որ այդ գեղատեսիլ հուրերը անվնաս են: Անոնք ուրախութիւն փոխանցելու հետ նաեւ ոճիրներ կը գործեն, կը լացնեն: Հետեւաբար հարկ է ըլլալ զուսպ ու չափաւոր: Արդեօք հաշուա՞ծ ենք այս զինարձակումներուն եւ պայթուցիկ հրավառութեանց համար ծախսուած անհաշիւ գումարները: Մսխում մը պարզապէս, որով կարելի պիտի ըլլար հաւասարակշռել մեր բոլոր վարժարաններուն պիւտճէական բացը… կամ` չքացնել աղքատ ընտանիքներու հոգերը, կամ` չքաւոր հիւանդներուն հիւանդանոցային ծախսերը փակելը: Ինչե՜ր, ինչեր կրնայինք ընել այդ մսխուած, շռայլօրէն փճացուած գումարներով: Եթէ գոհանայինք փոքր չափի պայթուցիկներով, մտածուած ձեւով հրավառութիւն կատարելով, պիտի ըլլայինք հարուստ գաղութ մը: Անշուշտ մենք` հայերս առանձին չէինք այս մեղքին մէջ: Տօնը միջազգային է, համաշխարհային, տիեզերական, հետեւաբար երանի թէ մեր բաժինը, մեր տուրքը ըլլար չափաւոր, օրինակելի, ուրախանալու եւ զուարճանալու կարճատեւ սահմանումով:

Այս տողերը, պիտի ըսեն մեզի, «Ո՞վ պիտի լսէ այս խօսքերը, ո՞վ պիտի կարդայ այս տողերը…»: Մենք պարտականութիւն համարեցինք գոնէ անգամ մը յիշեցնել այս չափազանցուած եւ աւելորդ ու անտեղի քէֆը, թերեւս հազարին մէջ փոքր տոկոս մը կը լսէ եւ կը հետեւի մեր այս առաջարկին:

Շնորհաւոր Նոր Տարի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )