Սուրբ Ծննդեան Տօնի Ախտաժէտ «Գաթայ»
Կիրակի: Ս. Ծննդեան տօն: Երեք սերունդ եկեղեցի գացինք` հայոց աստուածառաք լոյսին, Մեսրոպի բառ ու շունչով արարողութեան ներկայ ըլլալու, հոգեպարար շարականներ ունկնդրելով սրբացման «եոկա» ընելու:
Շնորհիւ արտագաղթի (հայրենալքման)` եկեղեցին կը յորդէր: Հաղորդութիւն ստանալու համար այսքա՜ն երկար շարք կէս դարէ ի վեր չէի տեսած: Մեղաւորները բազմացած ըլլալու են, մտածեցի, եթէ հայրենալքումը մեղք է, ապա անոր թողութիւնը քահանան պիտի չտայ, քանի որ անքաւելիին թողութիւն տալ ինքնին մեղք է:
Ըստ երեւոյթին, ո՛չ երկնաւոր Տիրոջ եւ ո՛չ երկրաւոր բազմագոյն տէրերուն համար այս նոր մեղքը չէ ցանկագրուած, ինչպէս կ՛ըսեն: Օր մը պիտի տեսնենք, որ ուշ պիտի ըլլայ ցանկագրութեան համար: Այս մտածումներով տարուած` լսեցի նաեւ կաթողիկոսին Ս. Ծննդեան պատգամը: Բայց հոն ալ խօսք չկար այս նոր մեղքին համար:
Բայց ինչո՞ւ այդքա՜ն երկար էր հաղորդուելու շարանը…
Այս մտմտուքներով եկեղեցիէն դուրս եկայ: Տիկնանց պատրաստած բաժակ մը սուրճը զրուցակից գտնելու առիթ կ՛ընծայէ: Փոխան նոր դէմքի` կողքիս յայտնուեցաւ Կեդրոնականցի Արմենակ: Տեսայ, որ արդէն Էլպիս եւ Մակարուհի երրորդ սերունդով կը զբաղէին:
Դիւանատան պատին տակ քարէ նստարանի պէս բան մը կայ: Անոր վրայ նստանք, քանի որ երկար ոտքի մնալ կը յոգնեցնէ, նաեւ` Արմենակը: Ան առանց ժամանակ կորսնցնելու, քանի դեռ խանգարող չկար, իր սիրտը բացաւ:
– Մակա՛ր, զզուած եմ:
– Ես ալ ընկճուած եմ հայրենալքման պատկերին ի տես:
– Ուրախ էի, որ համացանց գործածելու վարժութիւն ձեռք բերի: Բայց հիմա զղջացած եմ: Անիկա այսօր դարձած է «հայերէնասպանութեան» կրկէս: Հայաստանի նախագահը, կաթողիկոսը, ակադեմիան, ի հարկին գումար ծախսելով, չե՞ն կրնար հակակշռի ձեւ մը հաստատել:
– Արմենակ, համացանցը մարդոց բարդոյթները բուժելու բեմ է, յանուն ազատութեան, ընդդէմ բարոյականի եւ արժէքներու:
– Մարդիկ կը գրեն այն, ինչ որ կ՛ուզեն, կը խօսին` ինչպէս որ կ՛ուզեն: Ամերիկա կը խօսին «ճանք ֆուտ»-ի մասին, անպէտք ուտելիքներ, համացանցի վրայ կան «ճանք մէյլ», անպէտք լուրեր, որոնք առանձին տուփիկի մէջ կ՛երթան: Ի՞նչ պիտի ըլլայ «ճանք հայերէն»ը, ուր պիտի խցկենք, որպէսզի աւեր չգործէ: Լսէ՛. «վեկտոր, ապոգէ, ֆունկցիոներներ, կոնֆլիկտ, սցենար, Դոդացման ժամանակաշրջան, Ֆրուստրացիա, ակտիվութիւն, անգաժմենտի ստուերում, պրոֆեսիոնալ, հիստերիա, գրանտներ, խալյավա, էմիսարների անգաժմենտ, կոնցեպտուալ, ռեսուրսներ, պացիֆիստական, ռացիոնալ, ինտելեկտ»: Նոյն էջին վրայ: Այս «ճանք հայերէն»-ը ինչպէ՞ս պիտի արտաքսուի համացանցէն:
– Արմենակ, հոգիդ փրկէ՛, մի՛ կարդար եւ մի՛ լսեր: Հեռատեսիլ, ձայնասփիւռներ, «եու թիւպ», «ճանք հայերէն» պիտի արտադրեն, մինչեւ որ նոր հայերէն մը ծնի: Արդէն հայաշատ համայնքի մը մէջ «մաքուր հայերէն»-ը յայտարարուած է անմարսելի, կ՛ըսեն` «խաշած հայերէն», մշակութային ձեռնարկի համար լատինատառ հայերէնով թռուցիկ կը տպեն, որպէսզի «խաշած հայերէն» չգործածեն:
Արմենակ լռեց, ապա հանդարտած ըսաւ.
– Տօնական օրերուն հեռատեսիլը «խաշած ժապաւէններ» կը սփռէ: Անոնցմէ մէկը կոչուէր. «Օդաչու կա՞յ օդանաւին մէջ»…
ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա, 6 Յունուար 2013