Էն. Պի. Էյ. Վուլվզ Ի Վերջոյ Յաղթեց Հոքսի` Եօթը Տարուան Երկար Սպասումէ Մը Ետք
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած հինգ ճակատումներուն ընթացքին, Մինեսոթա Վուլվզ բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ 108-103 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի:
Իրագործումը կարեւոր էր այն իմաստով, որ Վուլվզ եօթը տարիէ ի վեր չէր յաջողած յաղթել Հոքսի: Անիկա իր վերջին յաղթանակը արձանագրած էր ապրիլ 2006-ին:
Յաղթական կազմէն Նիքոլա Փեքովիչ նշանակեց 25 կէտ եւ 18 ռիպաունտ, իսկ անոր խմբակից Անտրէ Քիրիլենքօ` 21 կէտ: 21-ական կէտ նշանակեցին նաեւ Հոքսի մարզիկներէն Ճոշ Սմիթ եւ Լուիս Ուիլիըմզ:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Պրուքլին Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 109-89
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ 87-77
Միլուոքի Պաքս – Ֆէոնիքս Սանզ 108-99
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 125-112
Մինեսոթա Վուլվզ – Աթլանթա Հոքս 108-103
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Եութա Ճեզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆէոնիքս Սանզ
Շիքակօ Պուլզ – Միլուոքի Պաքս
Նիւ Օրլինզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Մինեսոթա Վուլվզ
Տենվըր Նակեթց – Օրլանտօ Մեճիք
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ

