Յովհաննէս Համբարձումեան Փորձառական Շրջան Մը Պիտի Անցընէ Մեթալուրկի Հետ
Իր լուրը քաղելով Բանանց Երեւանի պաշտօնական կայքէջէն` Armsport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, որ մեկնեցաւ Ուքրանիա, հոն փորձառական շրջան մը պիտի անցընէ Մեթալուրկ Տոնեցքի հետ:
Ներկայիս ուքրանական ակումբին մաս կը կազմեն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկներէն Գէորգ Ղազարեան եւ Կարլեն Մկրտչեան:
Շուրջ ամիս մը տեւած ձմեռնային արձակուրդէն ետք, նախանցեալ օր Բանանց վերսկսաւ իր փորձերուն` պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ շրջանի մրցումներուն` հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի: Վերջինս իրեն օգնականներ ունի Կարէն Սիմոնեանը, Արթուր Ոսկանեանը եւ Արտակ Օսէեանը:
Մինչեւ 20 յունուար փորձեր կատարելէ ետք, Բանանց 21 յունուարէն 3 փետրուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Կիպրոսի մէջ:
Շատ հաւանաբար Բանանց իր երկրորդ ուսումնամարզական հաւաքին սկսի յառաջիկայ 12 փետրուարին, կ՛եզրափակէ Armsport.am:

