IFFHS-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստանի Ախոյեանութեան Բարձրագոյն Խումբը` 75-րդ Դիրքին Վրայ
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ IFFHS-ի կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը կը գտնուի 75-րդ դիրքին վրայ:
Հայկական աղբիւրը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ ըստ Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան ֆետերասիոնին (IFFHS), բարձրագոյն խումբը 75-րդ դիրքը կը գրաւէ 269 կէտով:
Առաջին դիրքին վրայ է սպանական «Լա լիկա»-ն, երկրորդ դիրքին վրայ` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, իսկ երրորդ դիրքին վրայ` գերմանական «Պունտըսլիկա»-ն:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն խումբին մէջ հանդէս կու գան ութ խումբեր: Առաջին խաղաշրջանի հանգրուանէն ետք յաջորդաբար առաջինէն երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Շիրակ, Միքա եւ Գանձասար:
CATEGORIES Մարզական

