Թենիս. Ասիոյ Դասաւորում (14 Տարեկանէն Վար). Քարլոս Շամմաս Բարձրացաւ 14-րդ Դիրք
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ասիոյ թենիսի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած 14 տարեկանէն վար դասակարգի դասաւորման մէջ, լիբանանցի Քարլոս Շամմաս բարձրացաւ 14-րդ դիրք:
Ան այս դիրքը գրաւեց իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, ուր բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելէ ետք հասաւ աւարտական հանգրուան, որուն ընթացքին սակայն պարտուեցաւ իր մրցակիցէն:
Ֆետերասիոնը իր հրապարակած հաղորդագրութիւնը եզրափակեց ըսելով, որ այս դասակարգին մէջ Քարլոս Շամմաս առաջին քսանին մէջ միակ արաբ մարզիկն է:
CATEGORIES Մարզական


