Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ, 5 յունուար 2013-ին, ՀՄԸՄ-էն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ Րաֆֆի Մումջողլեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի պատասխանատուներ Յակոբ Ճերանեան եւ Րաֆֆի Գասապեան, հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապի Ապտալլայի հետ:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան շնորհաւորեց Ապի Ապտալլայի Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` յաջողութիւն մաղթելով անոր եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Հանդիպման ընթացքին ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը որոշ տեղեկութիւններ տուաւ ֆետերասիոնի նախագահին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի մարզին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի մրցաշարքին եւ մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք միջմասնաճիւղային պասքեթպոլի մրցաշարքերուն մասին:

Տեսակցութեան ընթացքին, Ապի Ապտալլա լուսաբանութիւններ տուաւ ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութեան` որոշ հարցերու գծով, պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակելու ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ ան շնորհաւորեց հայկական Ս. Ծնունդը եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին` ընդգծելով, որ ՀՄԸՄ-ը է՛ ու կը մնայ լիբանանեան պասքեթպոլին սատար հանդիսացող կարեւորագոյն միութիւններէն մէկը:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES