Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 61-48
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանդիպումը:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթած էին Պիլիվըրզի, երէկուան այս մրցումին 61-48 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին դաշտին տիրոջմէն:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 15-12, 19-12, 19-3 եւ 8-21:
CATEGORIES Մարզական


