50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1963)
Տոմս
Մարդիկ Եւ Միջատները…
Ամերիկացի հեղինակ մը գրած է գիրք մը` միջատասպան դեղերու դէմ, որոնք կը գործածուին թէ՛ մեր տուներուն եւ թէ՛ պարտէզներուն մէջ, նոյնիսկ` պահածոյ կամ ոչ-ուտելիքներու մէջ: Այդ դեղերը, կ՛ըսէ հեղինակը, վնասակար են մարդոց առողջութեան, թէեւ կը բնաջնջեն միջատները:
Այս հարցին մէջ ալ մարդը կը գտնուի երկսայրի սուրի մը առջեւ: Եթէ սպաննէ միջատները դեղերով, կը վնասէ իր առողջութեան: Եթէ խնայէ անոնց, անոնք պիտի սպաննեն զինք իրենց մանրէներով, խայթոցներով:
Միջատներու եւ մարդոց յարաբերութիւնները քննող ճափոնցի գիտնական մը գրած է.
– Մարդը եւ միջատները երբեմն հասարակաց բնաւորութիւններ ունին: Օրինակ, մեղուն ե՛ւ մեղր կու տայ ե՛ւ կը խայթէ: Մարդը` նոյնպէս, թէ՛ բարիք կրնայ գործել եւ թէ՛ չարիք: Մեղուն ընկերային միջատ մըն է, կը սիրէ հաւաքական կեանքը: Մարդը` նոյնպէս: Մեղուն միապետական վարչաձեւի կը հաւատայ, կ՛ենթարկուի թագուհիի մը: Անգլիացին` նոյնպէս: Մեղուն, միաժամանակ, ձախ թեքումներ ունի եւ առաջին կոլխոզը հաստատած է` հաւաքական աշխատանքի դրութեամբ, փեթակով: Ինչպէս կան հոգեւորականներ, որոնք թէ՛ Աստուծոյ կը հաւատան եւ թէ՛ անաստուած իշխանութեան մը բարիքներուն…
Իսկ մրջիւններու կեանքը, կը շարունակէ նոյն գիտականը, բոլորովին մօտ է արդի մարդու կեանքին: Մրջիւնները ամէն առտու շարան-շարան գործի կ՛երթան` սըպվէյէ մը ելլլելով, ու իրիկունը միայն կը հանգչին: Մրջիւնները պատկերասփիւռ չունին դեռ, սակայն ձայնասփիւռ ունին, եւ գիտութիւնը հաստատած է, թէ իրենց գլխուն վերեւի նուրբ աղուամազով, որ ալեհաւաքի դեր կը կատարէ, կը լսեն երաժշտութիւններ, որոնք միջատներու հասարակութեան ալ ուղղուած կրնան նկատուիլ, երբեմն` արդիակա՛ն երգչախումբերու հանած ճպուռային ձայներով:
Մրջիւնները ունին նաեւ տեսակ մը սոշլ սիքիւրիթի. երբ իրենցմէ մէկը հիւանդանայ, միւսները կը հոգան զայն:
ԳԻՍԱՒՈՐ
Ամմանի Հայութեան
Անդարմանելի Կորուստը
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Դեկտեմբեր 27-ին Ամմանի հայ գաղութը տխուր պարտականութիւնը ունեցաւ հողին յանձնելու գաղութի գթասիրտ ու մարդասէր բժիշկին` տոքթ. Սարգիս Պօտոսեանի մարմինը: Խոր սուգի մէջ ամմանահայ գաղութը եկաւ իր վերջին յարգանքը տալու այն անփոխարինելի բարերարին, որ իր մարդկային զգացումներով ու հոգածութեամբ ամէն հայու մօտ կը ձգէ բարի յիշատակ մը:
Տոքթ. Պօտոսեան ծնած էր Աֆիոն Գարահիսար, 1890 թուականին: Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ` ան յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, ապա ստացած է բժշկական վկայական Պոլսոյ համալսարանէն: Ա. Համաշխարհային պատերազմին ծառայած է թրքական բանակին մէջ հարիւրապետի աստիճանով, ու Պաղեստինի գրաւումէն ետք մնացած է Պաղեստին` հաստատուելով Ռեմլէյի մէջ, ուր եւ ապրած է մինչեւ 1948, Ռեմլէյի գրաւումը հրեաներու կողմէ:
Այդ շրջանի բոլոր արաբ պաղեստինցիները երախտագիտութեամբ կը յիշեն «տոքթ. Մաթոսեանը»: Ան կը ճանչնար իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամները, գիտէր անոնց ցաւերն ու հոգերը եւ զանոնք կը դարմանէր ըլլա՛յ ֆիզիքապէս, ըլլա՛յ հոգեպէս: Անոնց յարգանքը իրեն հանդէպ այնքան մեծ էր, որ անոնք դեղի փոխարէն կ՛առնէին իր տուած դեղագիրը, զայն ջուրի մէջ կը թաթխէին, ապա ջուրը խմելով, կը բուժուէին:
1948-էն ետք տոքթ. Պօտոսեան հաստատուեցաւ Ամման եւ դարձաւ հայկական գաղութի բժիշկն ու խոստովանահայրը: Առաջին առթիւ իր ձրի ծառայութիւնները տրամադրեց Ամմանի Հայ օգնութեան միութեան` ձրիաբար քննելով միութեան ուղարկած բոլոր հիւանդները, յաճախ տալով անոնց դեղերը, ու այդպէս շարունակեց ամբողջ 15 տարի, մինչեւ իր մահը: Ան գիտէր բոլորին ցաւերն ու հոգերը, այդ ցաւերուն ու հոգերուն մասնակից կ՛ըլլար` ընելով իր պարտականութենէն աւելին, որպէս մարդ կամ բժիշկ: Բառին բուն առումով չէզոք մը, անոր կեանքի միակ նպատակակէտն էր` ըլլալ օգտակար հայ գաղութին, ծառայել մարդկային գաղափարներուն ու հաշտեցնել անհաշտ մարդիկը:
Ահա այս էր ամմանահայ գաղութին կորուստը` անողոք հիւանդութեան մը պատճառով, որ աներեւակայելիօրէն կարճ ժամանակի մը մէջ խլեց մեր բժիշկը, ետին թողելով 90 տարեկան ծերունի մայրը:
Ամմանի ժողովուրդը, հայ թէ արաբ, հաւասարապէս գիտցան յարգել տոքթոր Պօտոսեանի յիշատակը` հազարներու մասնակցութեամբ յուղարկաւորութեան: Դամբանականներ խօսուեցան զանազան արաբական եւ հայկական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Ամմանի հայութեան համար անդարմանելի է իր սիրելի բժիշկին կորուստը: Յարգա՛նք իր յիշատակին եւ հանգիստ` ոսկորներուն:
ԹՂԹԱԿԻՑ

