Արուեստի Աշխարհէն. Իտալիա Ի Յայտ Կը Բերէ Տա Վինչիի Կորսուած Գլուխ Գործոցին Հետքերը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Անկիարիի ճակատամարտին ընդօրինակութիւնը ծանօթ է իբրեւ Տորիայի տախտակը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐԸ ՓՆՏՌՈՂ ԻՏԱԼԱՑԻ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԱԾ ԵՆ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՄԷԿ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԻՆ` ԱՆԿԻԱՐԻԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ՊԱՏԿԵՐՈՂ ԿԻՍԱՒԱՐՏ ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԻՆ 400 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷԿ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ԵՆ ԵՐԿԻՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Ժամանակին անիկ կը զարդարէր Ֆլորանսի կոթողային քաղաքապետարանին` Փալացօ Վեքիոյի սրահին մէկ պատը:

Նոր յայտնաբերուած ընդօրինակութիւնը մինչեւ դեկտեմբերի վերջերը ժամանակաւոր կերպով կը ցուցադրուէր Հռոմի Քուիրինալ պալատին մէջ, որ Իտալիոյ նախագահին պաշտօնական բնակավայրն է:

Գեղանկարը կը պատկերէ զինուորներ` կռիւի պահուն եւ ձիու վրայ հեծած ասպետներ, որոնք կը մարտնչին դրօշակի մը տիրանալու համար:

Ֆլորանսի եւ անոր դաշնակիցներուն պատմական ճակատամարտը Միլանոյի թիւով աւելի գերազանց ուժերուն դէմ` տեղի ունեցած է 1440-ին: Զայն շահած են ֆլորանսցիները:

Արուեստի պատմաբաններ կը հաւատան, թէ Լէոնարտօ ճակատամարտի տեսարանը սկսած է գծել 1503-ին` փորձարկելով որմնանկարչութեան տարբեր թեքնիքներ: Ան օգտագործած էր ճեպանկարներ, որոնց վրայ աշխատած է տարիներ շարունակ:

Սակայն Լէոնարտօ երբեք չէ աւարտած որմնանկարը: Իսկ ժամանակ մը ետք պատերուն վրայ անոր կիրարկած ներկը սկսած է հոսիլ:

Կարելի չափով իր գործը փրկելու ճիգով Վերածնունդի վարպետը ածուխով լեցուն պնակներ վառած է որմնանկարին առջեւ: Սակայն այս անգամ գոյները իրարու խառնուած են: Որմնանկարին միայն մէկ մասը կարելի եղած էր աւարտել:

Քանի մը տարի ետք, երբ որմնանկարը փճացած է, սրահը վերակառուցուած է, եւ տեղւոյն իշխանաւորը այլ ճակատամարտի մը տեսարանը նկարելու պատուէրը տուած էր Ճիորճիօ Վասարի, որպէսզի փոխարինէր Լէոնարտոյի թերի գործը:

Վասարի, որ հետագային պիտի դառնար Լէոնարտոյի կենսագիրը, տեսած է անոր ճակատամարտի տեսարանին ճեպանկարը, կամ` սկզբնական նախագիծը թուղթի վրայ եւ զայն նկարագրած է հիասքանչ արտայայտութիւններով:

 

Ճակատամարտին Ռուպընզի տարբերակը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«Անկարելի է նկարագրել Լէոնարտոյի յայտնագործութիւնները` ինչ կը վերաբերի զինուորներուն տարազներուն կամ սաղաւարտներուն կատարին, չըսելու համար, թէ ան անհաւատալի արհեստավարժութիւն ի գործ դրած է ձիերու կերպարները պատկերելու մէջ. ան ոեւէ վարպետէ աւելի լաւ ստեղծած է անոնց յախուռն, ջղուտ եւ շնորհալի գեղեցկութիւնը», գրած է Վասարի:

Հետեւաբար ունինք միայն ընդօրինակութիւններ` երեւակայելու համար Լէոնարտոյի սկզբնական մտապատկերը:

Փիթըր Փոլ Ռուպընզ օգտագործելով որմնանկարին վրայ Լէոնարտոյի աշխատանքին սկիզբէն 50 տարի ետք իրագործուած փորագրութիւն մը` գծած է Անկիարիի հոյակապ մէկ պաստառը, որ այժմ կը ցուցադրուի Լուվրի թանգարանին մէջ:

«Մասնագէտներ ծանօթ են այն գաղափարին, թէ կորսուած արուեստի գործի մը հին մէկ ընդօրինակութիւնը կրնայ նոյնքան արժէք ներկայացնել, որքան` բնօրինակը», կ՛ըսէ հնագէտ եւ արուեստի պատմաբան Սալվաթորէ Սեթթիս:

«Յունական ամէնէն աւելի յատկանշական պրոնզէ արձանները կորսուած են, երբ հալեցուած են, եւ այժմ անոնց ծանօթ ենք միայն մարմարէ ընդօրինակութիւններու միջոցով, զորս դարեր ետք ստեծած են անոնց վրայ հիացած հռոմէացիները», ըսած է Սեթթիս, դասախօսութեան մը առիթով, երբ առաջին անգամ Լէոնարտոյի գլուխ գործոցին ընդօրինակութեան մանրամասնութիւնները նկարագրած է հանրութեան:

Փայտէ փոքր տախտակի մը վրայ իրագործուած ընդօրինակութիւնը առաջին անգամ հանրութեան մէջ յայտնուած է 73 տարի առաջ, Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին, երբ ցուցադրուած է Միլանոյի մէջ Լէոնարտոյի նուիրուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին:

Ապա գեղանկարը անհետացած է:

Այժմ Իտալիոյ ոստիկանութեան Արուեստի գողցուած գործերու բաժանմունքին մասնագէտները համբերութեամբ յաջողած են գտնել հետքը գեղանկարին ստորերկրեայ կեանքին:

Գեղանկարը ծանօթ է իբրեւ Տորիայի տախտակը: Անիկա կը կրէ անունը այն ընտանիքին, որուն արուեստի գործերու հաւաքածոյին մաս կազմած է երեք դար շարունակ:

Նափոլիի մէջ իր սեփականատէրերէն գողցուելէ ետք գեղանկարը դարձած է զուիցերիացի արուեստի վաճառականի մը սեփականութիւնը, ապա 1960-ական տարիներուն ուղարկուած է Գերմանիա` վերանորոգութեան համար, 1970-ական տարիներուն կարճ ժամանակ մը ի յայտ եկած է Նիւ Եորքի մէկ պատկերասրահին մէջ, մինչեւ որ 1990-ական տարիներուն մաս կազմած է մեծահարուստ ճափոնցիի մը արուեստի հաւաքածոյին:

Նորայայտ գեղանկարը 2013-ի ընթացքին պիտի ցուցադրուի Ֆլորանսի Ուֆիցի պատկերասրահին մէջ, ապա չորս տարուան համար փոխ պիտի տրուի Ճափոնի: Այս համաձայնութիւնը կնքուած է Թոքիոյի Ֆուճի արուեստի թանգարանին հետ, ուր վերջին անգամ ցուցադրուած է գործը:

Մինչ այդ Ֆլորանսի Փալացիօ Վեքիոյի մէջ առկախուած է Մաուրիցիօ Սերաչինիի ծրագիրը, որուն համաձայն, իտալացի ճարտարագէտը պատին վրայ ներկերու մանրադիտակային նմուշներ քննելով` կը փորձէր գիտականօրէն ապացուցել, թէ Լէոնարտոյի կորսուած որմնանկարը հաւանաբար տակաւին թաքնուած կը մնայ Վասարիի ճակատամարտի տեսարանին ետին:

Անցեալ տարուան սկիզբը Ֆլորանսի քաղաքապետը հրամայած էր կանգնեցնել պատին վրայ Սերաչինիի վտանգաւոր արհեստագիտութեան կիրարկումը:

Մինչ գիտնականներ անջրպետագնացութեան յատուկ արհեստագիտական միջոցներ կիրարկելով կը քննէին որմնանկարին ներկի խաւերն ու պալատին հնամեայ պատերը, անդին` ուսումնասիրողներ կը վիճէին, թէ գոյութիւն ունին բաւարար արձանագրութիւններ, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ Լէոնարտոյի պատկերած Անկիարիի ճակատամարտը այլեւս գոյութիւն չունի:Հետեւաբար, առայժմ գիտնականներու միջեւ ճակատամարտը զինադադարի մէջ է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )