Արուեստի Աշխարհէն. Կենսոլորտի Փոփոխութիւնը` Արուեստի «Ընելիքներու» Ցանկին Վրայ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՏԵՐԸ ՅՈՐԴԱԾ ԵՆ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ, ԵՒ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՅԻՇԵԼ, ԹԷ ՎԵՐՋԻՆ ԱՆԳԱՄ Ե՛ՐԲ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆՄԱՆ ԱՂԷՏԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԱԾ ԷՐ ԵՐԿԻՐԸ: ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԱՌԱՋ ՆՈՅՆ ՀԱՐՑԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷԻՆ ՈՂՈՂՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺ ՎԵՆԵՏԻԿՑԻՆԵՐԸ, ԵՐԲ ԿՂԶԻԻՆ ՄԷՋ ՋՈՒՐԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1.5 Մ, ԵՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ՍԿՍԱՆ ԼՈՂԱԼ Ս. ՄԱՐԿՈՍԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ. ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԷՍ ԺՊԻՏՈՎ, ԿԷՍ ՍԱՐՍԱՓՈՎ ԴԻՏԵՑ ԱՅՍ ՊԱՏԿԵՐԸ: ԱՒԵԼԻ ՈՒՇ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՈՂՈՂՈՒՄՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՄՌԱՅԼ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ ԳԾԵՑԻՆ: ՑՆՑԻՉ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒ ՀԵՂԵՂՆԵՐԸ ՈՐԵՒԷ ԺԱՄԱՆԱԿԷ ԱՒԵԼԻ ԼԱՅՆ ՏԱՐԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԱՒԵՐ ՍՓՌԵՑԻՆ: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐԵՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄԱՑՈՒՄԻՆ, ՈՐ ԱՅՍՕՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑՆ Է, ԵՒ ԶՈՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉՈՒՆԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՐԵՒԷ ՈՒԺ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՈՐԵՒԷ ԴԵՐ ԿՐՆԱ՞Յ ՈՒՆԵՆԱԼ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐԹՆՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՄԷՋ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ՕՊԶԸՐՎԸՐ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԷՆՏՐՈՒ ՌԱԶԸԹ ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՓԵՐԸ ՀԱՐՈՒԱԾԱԾ ՍԵՆՏԻ ՄՐՐԻԿԷՆ ԵՏՔ ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ԷՏՎԸՐՏ ՄՈՒՆՔԻ «ՃԻՉԸ» ՃՉԱՑ ԵՒ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՓԻԹԸՐ ՖԵՆՏ ԹԵԼԱԴՐԵՑ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ…
Նորվեկիացի գործատէր Փիթըր Օլսըն անցեալ մայիսին Էտվարտ Մունքի «Ճիչը» («Տը Սքրիմ») գեղանկարին իր տարբերակը ուղարկեց աճուրդի Սոթպի՛զ վաճառատան Նիւ Եորքի կեդրոնը, ուր անիկա վաճառուեցաւ 120 միլիոն տոլարի: Այնուհետեւ ան մամուլին խօսեցաւ գեղանկարին իմաստին մասին: Այդ օրերուն Օլսընի յայտարարութիւնները քիչ մը անընդունելի կը հնչէին, գէթ` ինծի համար: Բոլորս սորված ենք, թէ «Ճիչը» կ՛արտայայտէ գոյութենական անձկութիւն մը, տիեզերքի մէջ առանձին մնացած անհատին ճիչը: Սակայն Օլսըն, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրած էր այս գեղանկարին հետ, աւելի լայն հայեցակէտ մը ունէր:
«Ինծի համար «Ճիչը» կը պատկերէ այն սարսափելի պահը, երբ մարդ կ՛անդրադառնայ բնութեան վրայ իր ներգործութեան,- ըսած էր Օլսըն` «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին,- ինչպէս նաեւ` այն անդառնալի փոփոխութիւններուն, որոնց սկիզբ դրած է, հետզհետէ աւելի անբնակելի վայրի մը վերածելով երկրագունդը»: Սենտի մրրիկէն ետք, որ աւելի քան 40 հոգիի կեանքը խլեց Նիւ Եորքի մէջ, բնակարաններ քանդեց Պրուքլինի եւ Չելսիի մէջ, ինչպէս նաեւ աւերեց արուեստի գործեր, արուեստանոցներ եւ պատկերասրահներ, գեղանկարին այս մեկնաբանութիւնը ցաւալիօրէն ճիշդ կը թուի: Վստահաբար Մունք չէր գիտեր, թէ կլիմայական փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենար: Սակայն գաղափարը ներկայ է Մունքի գործին մէջ, եւ` անոր սկզբնական վերնագիրին. «Բնութեան Ճիչը» («Սքրիմ աֆ նէյչըր»), նաեւ` երկինքին եւ երկրին, որոնք ալեծուփ կը յայտնուին ճաղատ կերպարին ետին:
Մինչեւ երկու շաբաթ առաջ, երբ Արդի արուեստի Մեթրոփոլիթըն թանգարան գացի տեսնելու համար «Ճիչը», որ 6 ամսուան համար փոխ տրուած է անանուն նոր սեփականատիրոջ կողմէ, մոռցած էի, թէ իրօք, գեղանկարին մէջ պատկերուած էին երեք կերպարներ: Ահազանգի մատնուած անձին կողքին, որ կը գրաւէ դիտողին ամբողջ ուշադրութիւնը, կայ բարձր գլխարկով երկրորդ մարդ մը, որ գլուխը խոնարհած է, կարծէք` խոր յուսահատութեամբ, ինչպէս նաեւ` աւելի հեռուն երրորդ մարդ մը, որ կը դիտէ իր դիմաց պարզուած բնանկարը, տարօրինակ ձեւով անգիտակից, կամ` մերժելով, որ աշխարհը փուլ կու գայ իր շուրջ: Այս երկու կերպարներուն գոյութիւնը նկատի ունենալով` աւելի դիւրին է հետեւիլ Օլսընի մտածումի թելին. երբ հարցը կը վերաբերի բնութեան վրայ մարդուն ներգործութեան, մեզմէ շատեր այս երկրորդ կամ երրորդ անձն են:
Գէթ Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքագէտներուն, նոյնիսկ գործատէրերուն մեծ մասը, որ կը թուի, թէ սեփական շահերէ մղուած` կը փորձէ անտեսել կլիմայի փոփոխութիւնը, չէ յաջողած դիմակալել կամ նոյնիսկ ընդունիլ հարցը:
Արուեստի Ներգործութիւնը
Քաղաքական եւ մարդասիրական աղէտներու վերջին ժամանակներուն արուեստագէտներ արդիւնաւէտ պայքար մղած են, երբ ուրիշներ չեն յաջողած հակազդել: 1980-ական տարիներու վերջերուն ՍԻՏԱ-ի դէմ պայքարող «ԷՔԹ ԱՓ» միութեան կատարողական արուեստի (փըրֆորմընս արթ) ելոյթները, ինչպէս` «տայ-ին»-երը (ցուցարարներ տագնապահար կը փռուին գետին եւ կը ձեւացնեն, թէ մեռած են` երբեմն իրենց մարմինը ծածկելով լոզունգներ կրող պաստառներով: «Ա.») եւ շեշտակի լոզունգները (օրինակ` «Հեռաձայնեցէ՛ք Սպիտակ տուն, ըսէ՛ք Պուշի, թէ տակաւին բոլորս չենք մեռած»), արտաքին աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին ԷՅՏԾ-ի դեղերու շատ սուղ գիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` համապատասխան միջոցառումներու չդիմելու դաշնակցային պետութեան կեցուածքին): Արուեստը իր ներգործութիւնը կ՛ունենար քաղաքականութեան վրայ եւ կեանքեր կը փրկէր: Բրիտանացի արուեստագէտ Քրիս Տրուրիի պարագան ոմանց մէջ կը ստեղծէր այն մտավախութիւնը, թէ արուեստը դարձեալ կրնայ ունենալ իր ներգործութիւնը. քուլիսներու ետին դժգոհութիւնններ ստանալէ ետք Ուայոմինկի համալսարանը վերցուցած է Տրուրիի հանրային մէկ քանդակը, զոր արուեստագէտը ստեղծած էր իբրեւ բողոք` ածուխի ճարտարարուեստին դէմ:
Սակայն այսօր միջազգային անուանի արուեստագէտներ մեծ մասամբ լուռ են կլիմայի փոփոխութեան առնչութեամբ: Գոյութիւն չունին կուռքի վերածուած արուեստի գործեր, որոնք կը մատնանշեն այս հարցը: Թերեւս պատճառը այն է, որ տագնապը պատկերելը անկարելի աշխատանք մըն է: Ինչպէ՞ս կարելի է հարցի մը խորքը ի յայտ բերել, երբ դերակատար են դիւանակալական անհամար թերութիւններ եւ անտեսանելի ուժեր, եւ երբ աղէտը տեղի կ՛ունենայ ժամանակի լայն տարողութեան եւ հսկայական տարածութեան վրայ:
Սենտի մրրիկին յաջորդող օրերուն արուեստի քննադատներ փորձեցին անոր պատճառած սարսափը հասկնալ` դիմելով արուեստի պատմական գործերու: Երբ փոթորիկը անցաւ Ուաշինկթընէն, «Տը Կարտիըն» թերթի արուեստի քննադատ Ճոնաթան Ճոնզ գրեց գեղանկարչութեան Հատսըն գետի դպրոցին յատուկ վերամբարձ եւ նոյնիսկ «զգայացունց» բնանկարներուն մասին: Առաջին բանը, որ մտաբերեցի, Ուինսլօ Հոմըրի թիավարութեան տեսարաններն էին, որոնք բնութիւնը կը պատկերեն իր ամբողջ երկիւղալի զօրութեամբ: Սակայն անոնք հիմնականին մէջ օդերեւութաբանական վիճակներու թատերական պատկերումներ են եւ` հին, հետեւաբար գոհացուցիչ պատկերումները չեն այն բոլոր բաներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան այսօր:
Կարգ մը արուեստագէտներ կ՛աշխատին աւելի ամբողջական կամ գէթ` աւելի արկածախնդրական ձեւով պատկերել տագնապը: Անցեալ տարի Գերմանիոյ Քասըլ քաղաքին մէջ Տոքիւմենթա մակարդակաւոր ցուցահանդէսին առիթով, որ տեղի կ՛ունենայ հինգ տարին անգամ մը, ամերիկացի արուեստագէտ Էմի Պալքին ցուցադրած էր պատասխանները իր այն նամակներուն, զորս ուղարկած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ներկայացուցիչներու` խնդրելով, որ Երկրագունդին մթնոլորտը հռչակեն իբրեւ Աշխարհի ժառանգութեան վայր: Իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառներ թուելով` բացատրած էր, թէ ինչո՛ւ անկարելի էր նման քայլ մը: Դիւանակալութեան լծակները տրամաբանական շարքով բացատրելով` Պալքին ցոյց տուած էր հարցը դիմագրաւելու համաշխարհային ձախողութիւնը եւ 50 հազար բացիկներ տրամադրած էր հանրութեան, որպէսզի ուրիշներ եւս շարունակէին քուլիսներու ետին իր ի գործ դրած ճիգերը:
Կան նաեւ նուազ տառացի հաստատումներ: Թինօ Սեհկալ կը մերժէ շինել շօշափելի իրեր: Կը տիրէ այն զգացողութիւնը, թէ արուեստը պէտք է իր արտայայտութիւնը գտնէ այլ ձեւերով, թէ` պէտք է խուսափի գաղափարները բանով մը արտայայտելէ եւ նկատի ունենայ դէպի օզոնի խաւը իր արտանետած կազերուն տարողութիւնը: Սեհկալ ձեւով մը կ՛արտայայտէ յղացքային արուեստի (քոնսեփչուըլ արթ) հիմնադիրներէն` վերջերս մահացած արուեստագէտ Տակլըս Հիւպլըրի այն գաղափարը, թէ` «աշխարհը լեցուն է առաւել կամ նուազ չափով հետաքրքրական իրերով, իսկ ես չեմ փափաքիր աւելցնել անոնց թիւը»:
Մանհաթընի մէջ Սենտի մրրիկին պատճառով ընդհատուած ելեկտրականութեան վերահաստատումէն ճիշդ 24 ժամ ետք, նիւեորքցի հնարամիտ արուեստագէտ Փիթըր Ֆենտ, որ ժամանակին իր գործակիցին` Ռիչըրտ Փրինսի կողմէ կը կոչուէր «արուեստի աշխարհի Արաբիոյ Լորանսը», նոր ցուցահանդէսի մը բացումը կատարեց ազատ արուեստներու յատկացուած Փինաթ Անտըրկրաունտ տարածքին մէջ: «Ի՞նչ ընել ասկէ ետք» վերնագիրով անոր ցուցահանդէսը կը պարունակէր կենսոլորտի հարցերու վերաբերող տարբեր նիւթեր պատկերող իր գծանկարները: Անոնցմէ մէկը կը բացատրէր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ծովային խոտեր հնձել Նիւ Եորքի մէջ` պատրաստելու համար մեթան կազը, որմէ կարելի է ելեկտրականութիւն արտադրել: Ասիկա ծրագիր մըն է, զոր իրականացնելու շատ լուրջ աշխատանք կը տանի արուեստագէտը, սակայն օգնութեան կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ իրագործել զայն:
Ֆենտ իր կարգ մը նոր գործերը ամբողջացուցած է մոմի լոյսով, երբ ելեկտրականութիւնը ընդհատուած էր Սենտի մրրիկին պատճառով: Թէեւ անոր գաղափարները երազային կը թուին, սակայն արուեստագէտի մը պարտականութիւնը չէ գտնել կամ մշակել կատարեալ լուծումներ: Արուեստագէտը կրնայ մատնացոյց ընել չպեղուած ուղիներ, ծփացնել նոր գաղափարներ եւ ի հարկին` ճամբան առաջնորդել:
Ֆենտ մինչեւ նոյեմբեր 18 նոր գործեր կը ստեղծէր Փինաթի տարածքին: Ան նաեւ արտայայտած է այն գաղափարը, թէ արուեստագէտներ պէտք է դեր մը խաղան միջավայրի պաշտպանութեան ճակատամարտին մէջ: Անոնք երկրագունդը իր հսկողութեան տակ պահող արբանեակը պէտք է նկատի ունենան իբրեւ «կենսոլորտային վտանգը դիմագրաւող մարդկային ընկերութեան մէջ արուեստի գլխաւոր դերակատարը», եւ զայն օգտագործեն իբրեւ միջոց` ձեւով մը պատկերացնելու հետզհետէ ահագնացող աղէտը:
Սենտի մրրիկին ընթացքին Չելսիի մէջ արուեստի գործերով եւ արխիւներով լեցուն նկուղներ ողողուեցան մէկ գիշերուան մէջ: Տեսարանը հակազդելու բազմաթիւ պատճառներ կ՛ընձեռէ արուեստի աշխարհին: Դանիացի-իսլանտացի արուեստագէտ Օլաֆուր Էլիեսըն, որուն նորագոյն ցուցահանդէսը Սենտի մրրիկին պատճառով աւերուած էր Չելսիի Թանիա Պոնաքտար պատկերասրահին մէջ, 2008-ին գրած էր, թէ` «կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ` անոր հաւանականօրէն աղէտալի հետեւանքներուն մեր նախատեսութեան, այժմ կը զգանք, թէ մաս կը կազմենք կենսոլորտային գիտակցութեան վրայ հիմնուած նոր տեսակի հաւաքականութեան մը… Անհատը այլեւս նախապատուութիւն չի վայելեր, այլ գոյութիւն ունի միայն իբրեւ մէկ մասը բազմազանութեան մը»: Այլ խօսքով, այլեւս կարելի չէ մտածել, թէ կը բնակինք «Ճիչ»-ին յատուկ աշխարհի մը մէջ, ուր առանձին դերակատարներ ենք, յուսահատ կամ` մոռացութեան յանձնուած: Պէտք է կարենանք վարժուիլ այն իրողութեան, թէ բոլորս շատ ուժեղ կապ մը ունինք այս բոլորին հետ: Թերեւս արուեստը կրնայ օգնել մեզի:
Մինչ այդ, Լորընս Վայնըրի 2011-ի մէկ գործը, գրութիւն մը, որ ժամանակին պարզապէս բանաստեղծական կը թուէր, այժմ հետզհետէ աւելի չարագուշակ բնոյթ կը ստանայ: Անիկա կ՛ըսէ. «Ջուրը կը գտնէ իր մակարդակը` այս կամ այն ձեւով»:





