Կաղանդի Հաւաքոյթ` Հայ Աւետարանական Թրատի Վարժարանին Մէջ

Կաղանդի ուրախութիւնն ու տօնական մթնոլորտը տօնէ զրկուած մանուկներուն պարգեւելու նախաձեռնութեամբ,Հայ աւետարանական Թրատի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-խրախճանք մը` նախաձեռնութեամբ Մարալ Գաբրիէլեանի եւ կամաւորներու խումբի մը: Կաղանդ պապային այցելութենէն սովորաբար զրկուած կարիքաւոր ընտանիքներու մանուկները առիթ ունեցան ընդունելու Կաղանդ պապան եւ անկէ ստանալու իրենց ամանորեան նուէրները: Յատկանշական էր այն, որ 45 երեխաներուն կ՛ընկերակցէին նաեւ անոնց ծնողները, որոնք մեծապէս ուրախ էին իրենց զաւակներուն հրճուանքին ի տես: Երկրորդ տարին ըլլալով իրականացող այս նախաձեռնութիւնը ժպիտ ուրուագծեց մանուկներուն դէմքերուն վրայ, տօնական տրամադրութիւն ստեղծեց` նաեւ գոհունակութիւն պատճառելով կազմակերպիչներուն: Այսպիսով, Մարալ Գաբրիէլեանի եւ իր ընկերուհիներուն նախաձեռնութեան շնորհիւ 45 երեխաներ ու անոնց ծնողները ապրեցան տօնական գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ` Կաղանդի նախօրեակին:

Կարիքաւորներուն եւ զրկեալներուն մասին մտածելը ընդհանրապէս կարեւոր է, սակայն տօնական օրերուն, երբ աշխարհը կը ցնծայ, տեղին է յիշել նմանները եւ կարելի եղածին չափ օժանդակել, որպէսզի անոնք եւս տօնական ուրախութենէն բաժին մը ստանան: Այս իմաստով ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն էր այս հաւաքոյթը:

Share this Article
CATEGORIES