Ձիւնը Լաւ Է

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Ձիւնը լաւ է:

Բայց` օդին մէջ: Ո՛չ թէ գետինը: Կամ եթէ գետինը պիտի ըլլայ` լաւ է իր փափուկ ու անոր տեղացած վիճակին մէջ: Այլ ո՛չ թէ` սառած, սառ դարձած, կամ կեղտոտ ցեխ դարձած ջուրի վիճակով:

Քանի մը օրէ ի վեր շարունակ կ՛ազդարարէին, որ պիտի ձիւնէ, փոթորիկ պիտի պայթի, քաղաքը ձիւնով պիտի ծածկուի: Հինգ օր ձիւն պիտի տեսնենք: Պիտի մսինք, որովհետեւ օդը շատ պիտի ցրտէ: Ասիկա մեզի համար կարեւոր լուր էր: Որովհետեւ մեր քաղաքին համար ձիւնը սովորական չէ: Մեր քաղաքը ձիւնի հետ ապրելու վարժուած չէ:

Առաջին օրը չձիւնեց: Սխալա՞ծ էին: Ո՛չ: Որովհետեւ յաջորդ օր յանկարծ պատուհանէն տեսայ, որ ձիւնի փաթիլներ թռչտիլ սկսան օդին մէջ: Այս առաջին տեսարանը միշտ սիրելի է ինծի: Կը սիրեմ պատուհանէն նայիլ ու տեսնել, որ ձիւնի փաթիլներ կը թռչտին օդին մէջ, ձիւնի փաթիլներ խաղ կը սարքեն կարծես, կարծես վար իջնել, գետնին վրայ նստիլ չեն ուզեր, ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի կարելի չափով երկար մնան օդին մէջ ու թռչտին աջ ու ձախ: Կը նայիմ թռչտող այս փաթիլներուն, յետոյ կը նայիմ վար, փողոց, գետինը, որպէսզի տեսնեմ, որ ձիւնը նստիլ սկսա՞ծ է: Եթէ դեռ չէ նստած եւ տակաւին գետինը ճերմակով ծածկուած չէ, կ՛ուրախանամ: Կը մտածեմ, որ արդարեւ մէկ կողմէ պէտք է ձիւնէ, բայց մէկ կողմէ ալ ձիւնը պէտք չէ նստի4 ձիւնը միշտ պէտք է լողայ օդին մէջ, պէտք չէ նոյնանայ գետնին հետ, որովհետեւ ձիւնը գետնին չի պատկանիր, երկնքին կը պատկանի, վերի աշխարհին կը պատկանի:

Իսկապէս արտակարգ տեսարան է ձիւնի տեսարանը մեր քաղաքին համար: Եթէ ձիւնէ, եթէ գետինները ձիւնով ծածկուին, ատիկա հետաքրքրական, նոյնիսկ զգայացունց լուր է թերթերուն ու հեռատեսիլին համար: Եւ երկու տեսարաններ կան, որոնք հեռատեսիլի պաստառին վրայէն կը կրկնուին, ամէն անգամ որ գետինները ձիւնով ծածկուած են: Առաջինը չարաճճի ու երջանիկ տղոց տեսարանն է, տղաք, որոնք ձիւներուն վրայ  կը սահին ուրախ զուարթ, կը տապլտկին, իրարու ձիւնագնդակ կը նետեն: Այս տղոց բնաւ հոգը չէ, թէ օդը ցուրտ է, թէ` մարդիկ կը մսին, թէ հետիներու համար, քալողներու համար փողոցը վտանգաւոր դարձած է: Տղաքը երջանիկ են, որովհետեւ ձիւնը անոնց համար ալ լաւ է: Բայց կայ երկրորդ տեսարան մը, որ նմանապէս անպայման կը ցուցադրուի հեռատեսիլէն: Ասիկա ալ արկածահար կառքերու տեսարանն է: Կառք մը ահաւասիկ սառուցեալ գետնին վրայ կը սահի, չի կրնար կենալ ու կ՛երթայ կը զարնուի ուրիշ կառքի մը: Աստուա՛ծ իմ, այս արկածահար կառքին տիրոջը համար ձիւնը բնաւ լաւ չէ, ձիւնը աղէտ է:

Ամէն տարի, աշնան, երբ մեր քաղաքին մէջ ալ ամէն ինչ մեզի կը սկսի յիշեցնել, թէ ձմեռնային եղանակը կը մօտենայ, քանատաբնակ մեր ազգականներուն ու բարեկամներուն հետ հեռաձայնով խօսելու ընթացքին առաջին հարցումս սա է.

– Ձի՞ւն կայ:

– Կա՛յ, հարկաւ: Անոնց մօտ ձիւնը արդէն նստած է ամէնուրեք, շարունակ կը ձիւնէ: Բայց անոնց համար հարց չկայ: Փողոցները անմիջապէս կը մաքրուին, մարդիկ հանգիստ կերպով փողոց կ՛ելլեն, կառք կը քշեն: Կրնամ զարմանալ, մենք հոս կը վախնանք փողոց ելլելու, եթէ քիչ մը ձիւն նստի գետնին վրայ: Հոն այդպէս չէ: Մարդիկ խնդալով կը պատմեն, թէ ուժեղ կը ձիւնէ: Այդ տեսակ երկրի մը բնակիչներուն համար ձիւնը ճակատագիր է: Մինչդեռ մեր քաղաքի բնակիչներուն համար ձիւնը ճակատագիր չէ, արտակարգ պատահար է, արկածի նման բան մը, բան մը, որ կրնայ պատահիլ, բայց կրնայ նաեւ չպատահիլ:

Ես միշտ ինծի հարցուցած եմ, թէ պիտի ուզէի՞ ապրիլ քաղաքի մը մէջ, ուր ձիւնը ճակատագիր է: Ո՛չ: Պիտի չուզէի: Բայց պիտի ուզէի՞ ապրիլ քաղաքի մը մէջ, որ անապատներու հետ դրացի է, կիզիչ արեւի կաթսայ է, ձիւնի կամ անձրեւի երես չի տեսներ: Ո՛չ: Հոն ալ պիտի չուզէի ապրիլ: Բայց ո՞վ կը սիրէ մէկը կամ միւսը: Եթէ մարդոց ընտրութեան ու ճաշակին մնար, մարդիկ ո՛չ մնայուն ձիւնը կ՛ընտրէին, ո՛չ ալ մնայուն անապատը: Մարդիկ հաւասարակշռութիւնը  կ՛ընտրէին, չափաւորը, երկուքին մէջտեղինը: Բայց ընտրելու կարողութիւն գրեթէ չկայ: Ո՛չ մէկը իր ապրած երկրի կլիմային վրայ կրնայ ազդեցութիւն գործել, ո՛չ մէկը կրնայ իր երկրին համար կլիմայ ընտրել եւ ապսպրել: Ան միայն իր ապրած երկիրը կրնայ ընտրել, փոխել, գաղթել, դառնալ բնակիչը ոչ թէ ուրիշ երկրի մը, այլ` ուրիշ կլիմայի մը: Այդ ալ` որքա՛ն դժուարաւ ու որքա՛ն քիչ անգամ:

Բայց ես, որ փողոցները քալելու սովորութիւն կամ ստիպողութիւն չունիմ այլեւս, կամ եթէ ուզեմ, տունս կը նստիմ, դուրս չեմ ելլեր, կը մտածեմ, որ ձիւնը լաւ է, երբ օդին մէջ է: Կրնամ երեւակայել, թէ որքան եսասէր նախասիրութիւն է ասիկա, նաեւ` քիչ մը ծիծաղաշարժ: Բայց հոգ չէ: Երբեմն անձրեւի նման ուժեղ կը հարուածէ ձիւնը, վերէն ուղղակի ու առանց տատամսելու կ՛իջնէ ու կը ծեծէ գետինը, օդին մէջ թռչտող փաթիլներ չեն, որ կ՛իջնեն այդ պահուն, այլ` ցուրտ կաթիլներ, որոնք սուր են ու տգեղ: Այդ ձիւնը լաւ չէ: Չեմ սիրեր:

Հեռատեսիլէն ըսին, որ երկու օր եւս օդը ձիւնոտ պիտի ըլլայ, յետոյ օդին ջերմութիւնը կրկին պիտի բարձրանայ: Պիտի վերադառնանք կլիմայի բնականոն պայմաններուն: Բայց գիտեմ, որ սա երկու օրերու ընթացքին երկրին մէջ արկածներ, աղէտներ պիտի պատահին: Ոմանք իրենց կեանքը պիտի կորսնցնեն: Այս ամիս քիչ մը աւելի բարձր գումար պիտի վճարենք որպէս ջեռուցման ծախս: Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ըսեմ, որ ձիւնը լաւ է միայն օդին մէջ: Ձիւնը թող պատուհանիս առջեւ թռչտի աղուոր խաղեր սարքելով, բայց վերջը թող ուրիշ տեղ երթայ գետին նստելու ու գետնին վրայ ցեխ դառնալու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )