Թուրքիան Եւ Հայուն Ուրուականը

Աքչամ

Թաներ Աքչամ ներկայ զեկոյցը կարդացած է  անցեալ դեկտեմբեր 4-ին, «Յաղթահարել ցեղասպանութեան ժխտումը» բնաբանով գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ֆորտհամ իրաւաբանական դպրոցի Միջազգային օրէնքի եւ արդարութեան Լայթներ կեդրոնին մէջ (Fordham Law School՛s Leitner Center for International Law and Justice): Գրութիւնը նախաբանն է` Լոռ Մարշան եւ Կիյոմ Փերիէի «La Turquie et le fantôme arménien» գիրքին, որ «Actes Sud»-ի կողմէ պիտի հրատարակուի մարտ 2013ին:

Ինչո՞ւ մենք` թուրքերս կը շարունակենք ժխտել Ցեղասպանութիւնը:

Կամ, այլ խօսքով, ինչո՞ւ մենք` թուրքերս, ամէն անգամ որ նիւթը բացուի, այնպիսի զգացում մը կ՛ունենանք, թէ կարծես մեր ոսկորները շանթահարուած են:

«Եթէ Թուրքիան ընդունի ցեղասպանութեան իրականութիւնը, պիտի ընդունինք, թէ մեր ազգային հերոսներէն եւ հիմնադիր հայրերէն շատերը թէ՛ ոճրագործներ, թէ՛ գողեր էին»:

1990-էն ի վեր կը հետազօտեմ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը. աւելի քան` 20 տարի: Վերոյիշեալ հարցումը կը կրկնուի շարունակաբար: Հարցումը պարզ է, սակայն քանի տարիները անցան, իմ պատասխանս ալ փոխուեցաւ: Սկիզբը ջանացի ժխտումը բացատրել իր «շարունակութեան» տեսակէտէն, այսինքն` Օսմանեան կայսրութեան կառավարական շարունակութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան ընթացքին: Այս վարկածը կարելի է բանաձեւել`«Հերոսները ապիրատներու (insense, pervers) վերածելու երկսայրաբանութիւնը» վերնագիրին տակ: Պատճառաբանութիւնս պարզ է: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնուած էր Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութեան կողմէ, այսինքն` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը յղացող-կազմակերպողներուն: Թուրքիոյ հիմնադիր անձնակազմը մեծ մասամբ Իթթիհատ վէ թերաքքըի անդամներ էին: Հետեւաբար Թուրքիոյ հիմնադիր անձնակազմին կարեւոր մէկ մասը կա՛մ ուղղակի մասնակցած էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ կա՛մ հարստացած էր հայոց կալուածները կողոպտելով: Սակայն այս անձերը նաեւ մեր ազգային հերոսներն էին. հիմնադիր հայրերն են անոնք մեր ազգին: Եթէ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, պիտի ստիպուինք ընդունելու, թէ մեր ազգային հերոսներէն եւ հիմնադիր հայրերէն շատերը ոճրագործներ կամ գողեր էին, եւ կամ` թէ՛ ոճրագործներ, թէ՛ գողեր: Սա՛ է բուն երկսայրութիւնը:

Այդ անձերը, ինչպէս որ մեզի սորվեցուցած են դպրոցը, «ոչինչէ մը ստեղծեցին մեր ազգն ու պետութիւնը»: Անոնք կը սահմանեն մեր ինքնութիւնը: Սա ճշմարտութիւն մըն է ոչ միայն թուրք ազգի առաջին սերունդին համար, այլ նաեւ երկրի ընդդիմադիր շարժումներուն, ներառեալ` անոնց ամէնէն ժողովրդավարին եւ յառաջադէմին, որ Թուրքիան երբեւիցէ տեսած է` 1968-ի ուսանողական բողոքի շարժումին համար: Այդ շարժումին ներկայացուցիչները եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները իրենց ինքնութիւնը բուռն կերպով նոյնացուցած են հանրապետութեան հիմնադիր կազմին հետ: Անոնք, հիմնադիր հայրերուն նմանութեամբ, իրենք զիրենք կը կոչէին երկրորդ Գուվայի միլլիյէճիներ (Ազգային Ճակատականներ). յատուկ անուանում մը, զոր կը գործածենք մի՛այն հանրապետութեան հիմնադիր անձնակազմը նկարագրելու համար: Այս ուժգին նոյնացումը միայն 1968-ի սերունդին յատուկ չէր: Այդպէս էր նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող որեւէ խմբակի համար` ըլլայ անիկա ազգայնապաշտ, իսլամական, կամ` այլ աջակողմեան շրջանակներ:

 

 

 

 

 

«Ցեղասպանութիւնը ընդունելու համար մենք պէտք է ուրանանք մեր այսօրուան ազգային ինքնութիւնը: Սա շատ դժուար աշխատանք մըն է, գրեթէ` անկարելի եւ չափազանց քանդիչ»

Այլ խօսքով, ներկայ կացութեան մէջ Ցեղասպանութիւնը ընդունելու համար մենք պէտք է ուրանանք մեր այսօրուան ազգային ինքնութիւնը: Սա շատ դժուար աշխատանք մըն է, գրեթէ` անկարելի եւ չափազանց քանդիչ: Մտածեցէ՛ք. Ցեղասպանութիւնը ընդունելով` յառաջ գալիք ինքնութեան տագնապով եւ անկէ բխելիք զգացական եւ քաղաքական հետեւանքներով զբաղելու տեղ, շատ աւելի դիւրին պիտի չըլլա՞ր պարզապէս ժխտել զայն:

Ժամանակի ընթացքին, «ինչո՞ւ թուրքերը ցեղասպանութիւնը կը ժխտեն» հարցումին համար ունեցած պատասխանս սկսայ փոխել: Անոր աւելցուցի պատճառ մը եւս: Ան ալ շատ պարզ պատճառաբանութիւն մը ունի: Եթէ Թուրքիան ընդունի, որ Ցեղասպանութիւն մը տեղի ունեցած է, պիտի ստիպուի հատուցում վճարել: Այս փաստը շահ հեռուները տանող հետեւանքներ ունի` անկախ 1915-ին որպէս ցեղասպանութիւն սահմանուելէն: Պահ մը ընդունինք, թէ 1915-ը ցեղասպանութիւն չէ, եւ երեւակայենք, թէ Իթթիհատ վէ Թերաքքըն հայերը ցուրտ, լեռնային եւ անբերրի շրջանէ մը տեղահանեց դէպի արեւոտ, ջերմ եւ բարեբեր շրջան մը:

Այլ խօսքով, երեւակայեցէք, որ հայերը ղրկուեցան Ֆլորիտա(1): Եւ սակայն, ամէն ինչ որ այս մարդիկը ունէին, նոյն ընթացքին մէջ գրաւուեցաւ է եւ ոչ մէկ հատուցում եղաւ: Նոյնիսկ եթէ մերժէք 1915-ի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն ընդունիլ, ստիպուած էք ընդունելու, որ այսօր Թուրքիա կոչուող երկիրը հիմնուած է հայերէն խլուած կալուածներուն վրայ եւ այժմ նստած է այդ հարստութեան վրան: Եթէ ընդունիք եւ խոստովանիք, որ 1915-ին անարդար բան մը պատահած է Թուրքիոյ մէջ, պէտք է հատուցում վճարէք: Հետեւաբար, խոյս տալու համար հատուցումէն, ցեղասպանութեան ուղղակի ժխտումը շատ ձեռնտու միջոց մըն է:

Բացատրելու համար թրքական ժխտողականութիւնը` շարունակեցի այս բոլորին աւելցնել քանի մը այլ ազդակներ, ինչպէս այն երեւոյթը, որ կը յայտնուի, երբ կրկնէք սուտ մը: Մինչեւ իսկ առօրեայ կեանքին մէջ, երբ անգամ մը սուտ խօսիք, միթէ դիւրի՞ն է ետ դարձ ընելը: Ցեղասպանութեան մասին գոյութիւն ունեցող սուտը քանի մը տասնամեակի պատմութիւն ունի եւ այլեւս կրացած է: 90 տարիէ ի վեր սուտ խօսող պետութիւն մը չի՛ կրնար այդ ընթացքը շրջել: Նոյնիսկ եթէ գիտէք, որ իրականութեան չի համապատասխաներ ձեր պատմածը, տարիներ վերջ այլեւս իրականութեան պատկեր մը կը ստանայ ան:

Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը օգտակար են միմիայն բացատրելու համար, թէ ինչո՛ւ պետութիւնը շարունակած է ժխտել Ցեղասպանութիւնը: Քանի տարիները անցան, սկսայ գրել թէ «թրքական ժխտողականութիւն» եզրը յարմար չէ կացութիւնը իր ամբողջութեան մէջ բացատրելու: Հարցադրումի ենթարկեցի` «թուրքեր» եզրին ներդաշնակ գոյացութիւն մը ցոլացնելու տարողութիւնը, թէ ան կը սահմանէ՞ արդեօք միանգամայն Թուրքիոյ ժողովուդը եւ պետութիւնը: Թելադրեցի զանազանել պետական քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիոյ ժողովուրդին դիրքը` Ցեղասպանութեան հանդէպ: Առարկեցի, թէ «ժխտում» եզրը կը յարմարի պետական քաղաքականութիւնը բացատրելու, բայց` ո՛չ ընկերութեան դիրքը: Ընկերութեան դիրքը աւելի ճշգրիտօրէն պէտք է նկարագրուի որպէս տգիտութեան, անտարբերութեան, ճակատագրականութեան եւ լռութեան դիրք մը, քան` ժխտումի:

Թուրքիոյ ընկերութիւնը միատարր չէ: Անիկա կը նմանի շոգեկառքի մը` կազմուած բազմաթիւ եւ բազմատեսակ կառքերէ, որոնց իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ տարբեր ենթամշակութային ազգութիւն մը, տարբեր դիրքերով` 1915-ին պատահածներուն հանդէպ: Քանիցս հաստատեցի, որ քիւրտերու, տերսիմցիներու եւ ալեւիներու կարեւոր մէկ մասը ընդունած է 1915-ին պատահածին իրականութիւնը, եւ թէ` բո՛ւն հարցը այն է, որ այս տարբեր խումբերը չեն կրցած այս մասին իրենց միտքը ուժգին, ամուր եւ յատկապէս գրաւոր կերպով արտայայտել: «Լռութիւն» եւ «խուսափում» եզրերը գործածեցի սահմանելու համար ոչ միայն ընկերութեան բոլոր խաւերուն ցուցաբերած հասարակ մէկ դիրքը, այլ նաեւ` պետութեան պաշտօնական պատումին դիմաց նոյն ընկերութեան բացէ ի բաց դիրք չբռնելը: Պէտք է ընդունիլ, որ բոլոր այս զանազանումները կարեւոր են, թերեւս ալ` կենսական, հասկնալու համար այսօրուան Թուրքիոյ քաղաքացիական ընկերութեան ենթարկուած փոփոխութիւնները. սակայն այդ զանազանումները տակաւին չեն բաւեր բացատրելու համար, թէ ինչո՞ւ ժխտողականութիւնը Թուրքիոյ մշակութային բնավայրին իշխող մէկ մասը կը կազմէ:

Ուստի, վերջերս մտածումներս դարձեալ սկսան փոխուիլ: Ըսել ուզածս այն չէ՛, թէ նախկին բացատրութիւններս անպայման սխալ էին: Ընդհակառա՛կը: Տակաւին կը հաւատամ, որ այդ ազդակները կարեւորագոյն դերն ունին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին մէջ: Բայց եւ այնպէս, այժմ սկսած եմ խորհիլ, թէ նիւթը խարսխուած է շատ աւելի խոր, գրեթէ գոյապաշտական բանի մը վրայ, որ կ՛ընդգրկէ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ ընկերութիւնը: Պատասխանը կը թուի ըլլալ երկուութեան մը մէջ` գոյութիւն ունենալ եւ չունենալու միջեւ. ինչպէս Համլեթ պիտի ըսէր` «Ըլլա՞լ թէ՞ չըլլալ»: Կը հաւատամ, որ մեր գոյութիւնը` իբրեւ պետութիւն եւ ընկերութիւն, կ՛իմաստաւորուի անոնց Անատոլիայի քրիստոնեաներուն

չգոյութեամբ կամ չըլլալով: Ընդունելու համար այն, ինչ որ պատահած է 1915-ին, պէտք է ընդունիք անոնց` քրիստոնեաներուն Թուրքիոյ տարածքին մէջ գոյութիւնը, ինչ որ գրեթէ կը նշանակէ` յայտարարել մեր չգոյութիւնը, որովհետեւ մեր գոյութիւնը կը պարտինք անոնց չգոյութեան: Թոյլ տուէք բացատրեմ:

Աւելի յստակ ըլլալու համար նիւթին մէջ պիտի բերեմ Հապերմասը: Ան կը նշէ, թէ ընկերային յարաբերութիւններու համակարգին եւ ընկերային հաստատութիւններուն բնաւորութեան մէջ գոյութիւն ունի «գաղտնի բռնութիւն» մը, եւ այս «գաղտնի բռնութիւն»-ը կը ստեղծէ հաղորդակցութեան կառոյց մը, որուն հետ կը նոյնանայ ամբողջ ընկերութիւնը(2): Այս «հաւաքական հաղորդակցութեան» շնորհիւ` կարգ մը նիւթերու հրապարակային քննարկման արգիլուիլը կամ սահմանափակուիլը կը դառնայ կատարելապէս հիմնաւորուած եւ օրինական: Ինչ որ կ՛արժէ նշել այստեղ, ա՛յն է, թէ խնդրոյ առարկայ կառոյցը ղեկավարներու կողմէ չի պարտադրուիր ընկերութեան, այլ կ՛ընդունուի եւ կ՛իւրացուի ղեկավարուողներուն կողմէ: Լռելեայն համաձայնութիւն մը կը գոյանայ ընկերութեան մէջ:

Քիչ մը եւս լուսաբանելու համար նիւթը` կ՛ուզեմ այլ եզր մը եւս փոխ առնել, այս անգամ` Էլիաս Սիպերսքիէն. «Հաղորդակցական իրողութիւն»: Սիպերսքի այս եզրը կը գործածէ նկարագրելու համար գաղտնապահ կազմակերպութիւններու նկարագրային շատ կարեւոր մէկ երեսակը(3): Ըստ Սիպերսքիին, գաղտնապահ կազմակերպութիւնները հաղորդակցութեան մեթոտով մը կը ստեղծեն ներքին իրականութիւն մը, որ բոլորովին տարբեր է իրական աշխարհէն: Թուրքիոյ այսօրուան վիճակը շատ կը նմանի ասոր: Որպէս ընկերութիւն` գաղտնապահ կազմակերպութեան մը պէս ենք: Մեր հանրապետութեան հիմնադրուելէն ասդին, ստեղծած ենք «հաղորդակցական իրողութիւն» մը, որ կը յայտնաբերէ մեր մտածելակերպը եւ գոյութիւնը` «պետութեան եւ ազգի» ծիրին մէջ: Անիկա կը ձեւաւորէ մեր յուզումները եւ կը սահմանէ մեր հաւատքի համակարգերը, այլ խօսքով` մեր ամբողջ ընկերամշակութային յարաբերութիւններու ցանցը. այսինքն` ամէն ինչ, որ մեզ կ՛ընէ այն, որ ենք, կամ առնուազն այն, որ կը կարծենք ըլլալ: Կարեւոր է հոս նշել  այս «հաղորդակցական իրողութեան» եւ առկայ իրողութեան միջեւ եղող անջրպետը:

Վերջապէս, այս «հաղորդակցական իրողութիւն»-ը մեզի տուած է ասելի եւ անասելի աշխարհներ եւ ստեղծած` հաւաքական գաղտնիք մը, որ ձեռնոցի մը պէս կը ծածկէ մեր ամբողջ ընկերութիւնը: Անիկա ստեղծած է հսկայ «սեւ ծակ» մը: Մենք այսօր «սեւ ծակ»-ի մը տէր իրողութիւն մըն ենք: Հսկայ «սեւ ծակ»-ի մը գոյութիւնը կամ «հաւաքական գաղտնիք» մը ունենալը եւ կամ` «լռելեայն համաձայնութեան» մը ստեղծումը, ասոնք այն եզրերն են, որոնք կը սահմանեն մեր ո՛վ ըլլալը: Ինչ որ քրիստոնեայ է, պարզապէս բնաջինջ ըրած ենք այս իրողութենէն: Այսպէս է, որ օսմանեան պատմութիւնը կը դասաւանդենք մեր դպրոցներուն մէջ: Այսպէս է, որ մեր ընկերութեան մասին մտաւորական եւ մշակութային գործեր կ՛արտադրենք:

«Ինչ որ քրիստոնեայ է, պարզապէս բնաջինջ ըրած ենք»

Կը կարծեմ, թէ հո՛ս` այս բոլորին մէջ տեղ մըն է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին ետին գտնուող գաղտնիքը կամ անոր անասելիութիւնը: 1915-ին պատահածը Թուրքիոյ ընկերութեան հաւաքական գաղտնիքն է, եւ ցեղասպանութիւնը քշուած է մեր ընկերային յիշողութեան «Սեւ ծակ»-ին մէջ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրուելէն ի վեր, բոլորս` աջակողմեան եւ ձախակողմեան, իսլամ, ալեւի, քիւրտ, թուրք, բոլորս այս նիւթին շուրջ ստեղծած ենք հաւաքական «լռելեայն համաձայնութիւն» մը: Եւ չենք ախորժիր, որ մեզի յիշեցուի այս թաքնուած գաղտնիքը, որ մեզ կը ծածկէ ջերմ, փափուկ վերմակի մը պէս: Յիշեցնողները մեզի համար նեղացուցիչ են եւ գրգռիչ, եւ մեզ դէմ յանդիման կը ձգեն այնպիսի վիճակի մը, որուն մէջ կը մնանք անվստահ` թէ ի՛նչ ընենք կամ ի՛նչ ըսենք:

Որովհետեւ, եթէ ստիպուինք մեր պատմութեան հետ առերեսուիլ, ամէն բան` մեր ընկերային հաստատութիւնները, մեր մտայնութիւնները, հաւատալիքները, մշակոյթը, նոյնիսկ մեր գործածած լեզուն բաց պիտի ըլլայ հարցադրման: Ընկերութեան մը ինքզինքն ընկալելու ձեւը հարցադրումի պիտի ենթարկուի գլուխէն մինչեւ գետին: Ուստի չենք սիրեր «յիշեցնողները»: Զանոնք կը տեսնենք իբրեւ «ազդելու կարող ուժ» եւ բաւական մերժողական հակազդեցութիւն մը ցոյց կու տանք անոնց հանդէպ: Բոլորս` աջակողմեան եւ ձախակողմեան, պատրուակներ կը փնտռենք, բայց երգչախումբի մը պէս ալ կը գոչենք` «մենք մեր գործին էինք հոս, ոչ ոքի կը խանգարէինք, երբ դուք յայտնուեցաք ոչինչէն: Իսկ դուք ուրկէ՞ եկաք»: Կարծես, իբրեւ ազգ կը կատարենք հետեւեալ հաւաքական հաստատումը` «Եթէ կը կարծէք, որ 95 տարուան ընթացքին մեր մեծ խնամքով կերտած ընկերամշակութային իրողութիւնը պիտի ջնջենք գրիչի մէկ հարուածով, կը սխալիք»:

Հայոց ցեղասպանութիւնը մասն է աւելի ընդհանուր կառոյցի մը, որ ուղղակի առնչուած է մեր գոյութեան: Հանրապետութիւնը եւ ներկայ Թուրքիոյ ընկերութիւնը կառուցուած են քրիստոնեաներու վտարման վրայ. գոյութեան մը քանդումը` տարածքէ մը, զոր կը կոչենք մեր հայրենիքը: Քանի որ մեր գոյութիւնը հիմնած ենք ուրիշի մը չգոյութեան վրայ, քանդուած գոյութեան իւրաքանչիւր յիշատակումը մեր մէջ վախ եւ անձկութիւն կը յառաջացնէ: Մեր երկրին մէջ հայկական նիւթին մասին խօսելու մեր դժուարութիւնը կը բխի այս գոյութիւն-չգոյութիւն երկուութենէն: Եթէ ասոր նման այլ օրինակ մը փնտռէք, հեռուն մի՛ նայիք. Միացեալ Նահանգներու մէջ բնիկ ամերիկացիներուն պատմութիւնը նմանութիւններ ունի:

Ուրեմն, կարծեմ հարցումը պէտք է շրջել. կեդրոնական հարցումը այն չէ, թէ` ինչո՞ւ Թուրքիա կը ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, այլ այն, որ արդեօք մենք` Թուրքիոյ ժողովուրդս, որպէս պետութիւն եւ որպէս ընկերութիւն, պատրա՞ստ ենք հերքելու մեր ներկայ գոյութեան վիճակը: Ըստ երեւոյթին, միակ կարելի ձեւն է` հրաժարիլ ներկայիս ընդունուած մեր գոյութեան պատմութենէն եւ ստեղծել նոր պատմութիւն մը: Կրնա՞ք ասիկա կատարել: Ա՛յս է բուն հարցը:

Ծանօթ.
(1) Օրինակը անշուշտ առնչուած է զեկոյցին Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ըլլալուն (խմբ. ՆՅ):
(2) Jurgen Habermas, «Die Ütopie des guten Herrschers,- in: Habermas, Kultur and Kritik (Frankfurt a.M., 1973), էջ 386-7:
(3) Elias Siberski, Untergrund und Offene Geselschaft, Zur Fragen der strukturellen Deutung des sozialen Phaenomens (Stuttgart,  1967), էջ 51:

Share this Article
CATEGORIES