Ակնարկ. Անձրեւներէն Անվնաս Պուրճ Համուտը
Մ. Շ.
Միշտ խօսուած է, որ Առաքելական եկեղեցւոյ ծնունդի թուականն է ճիշդ թուականը Քրիստոսի ծննդեան, եւ այդ պայմանաւորուած է անձրեւով: Ընդհանրապէս մեր ծնունդի շաբաթը անձրեւ կը տեղայ, երբեմն շատ, երբեմն քիչ:
Այս տարի վերջին քսան տարիներէն բոլորովին տարբեր ցուրտ մը տիրեց, անձրեւ եւ ձիւն տեղաց Լիբանանի վրայ:
Այս նշումները պարզապէս մտքեր թարմացնելու համար ներածականներ են:
Հիմնականը, որուն համար ուզեցինք գրել այս ակնարկը, այն էր, որ այս տարուան պատահածը Լիբանանի համար բաւական աղէտալի եղաւ: Անցեալին կը պատահէին նման աղէտներ, բայց անոնք կ՛ըլլային լեռնային ճամբաներու վրայ` պատճառելով հողի սահանքներ, կամ ալ` գետեզերքը փլասթիքէ վրաններու տակ ծածկուած բանջարեղէնի պարտէզներու կամ սրճարաններու ահագին վնասներ:
Բայց Պուրճ Համուտի պարագային ասկէ մինչեւ 15 տարի առաջ հազիւ տեղատարափ անձրեւ մը տեղար, Սիսի, Արագածի, Արաքսի շրջաններու գետնայարկ տուներն ու խանութները գոնէ կէս մեթր ջուրով կը լեցուէին:
Չեմ մոռնար տարի մը, երբ ԼՕԽ-ի կեդրոնին մօտ ինքնաշարժս եւ ուրիշ ինքնաշարժներ ջուրով լեցուեցան:
Բարեբախտաբար, այս տարուան պատահածը, որ ինչպէս նշեցի 25 տարիէ ի վեր չէր պատահած, չպատճառեց այն, ինչ որ նախապէս կը պատահէր: Պուրճ Համուտի տուներուն եւ խանութներուն մէջ ջուր չմտաւ, ճամբաները բնականոն էին, ինքնաշարժները ապահով մնացին իրենց տեղերը:
Հետեւաբար, այս բարիքը մեծ մասամբ կ՛երթայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ օրին իր հիմնական մտահոգութիւնը նկատելով ենթակառոյցի շինութիւնը, պետական գրասենեակներու հետ ձեռնարկեց կոյուղիներու շինութեան եւ նաեւ «փոմփ»-եր զետեղեց ծովեզերքը գտնուող կոյուղիներու ծայրերը, որպէսզի բարձրացած ջուրը չվերադառնայ եւ վնասներ չպատճառէ:
Անշուշտ, մենք իբրեւ քաղաքացիներ միշտ ալ բան մը կը գտնենք դժգոհելու եւ քննադատելու` երբեմն իրաւացի, երբեմն անիրաւ, առանց նկատի ունենալու մեր պարտականութիւնները եւ պարտաւորութիւնները, բայց նաեւ կ՛արժէ արդար ըլլալ եւ գնահատանքի խօսքը այս առիթով տեղ հասցնել, մանաւանդ երբ մեր աչքերով կը տեսնենք այլ քաղաքներու եւ աւելի մեծ շրջաններու մէջ պատահած աղէտները:
Պուրճ Համուտ, 10 յունուար 2013

