Ճատրակ. Կիրակի, 13 Յունուարին` Ֆրերներու Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու Նոթր Տամ վարժարանի ճատրակի ակումբին, կիրակի, 13 յունուարին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` վարժարանի սրահներուն մէջ (Ֆըրն Շըպպեք):

Տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:

Մրցաշարքը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մինչ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 17:30-ին:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 12 յունուար, երեկոյեան ժամը 20:00-ը:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, պէտք է հեռաձայնեն Էլի Խէյրալլայի (03-883225), որ մրցաշարքին կազմակերպիչն է եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ:

Share this Article
CATEGORIES