Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Լուսաբանէ. «Վարդան Մինասեանին Քուպանի Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնին Համար Առաջարկ Չէ Ներկայացած»

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքէջին վրայ լուր մը հրապարակելով լուսաբանութիւններ տուաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանին որեւէ առաջարկ չէ ներկայացուած Քուպանի կողմէ` ստանձնելու համար ակումբի մարզիչի պաշտօնը:

Ըստ ռուսական izvestia.ru կայքէջին, Քուպան Քրասնոտարի պատասխանատուները այդ պաշտօնը առաջարկած են Մինասեանին` նկատի ունենալով, որ Եուրի Քրասնոժան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:

Ռուսական աղբիւրը շարունակած էր ըսելով, որ այս գաղափարին դէմ կանգնած էր Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան` ըսելով, որ այդ պաշտօնը ստանձնելով Մինասեան պիտի չկարենար լաւապէս կատարել իր պաշտօնը` ազգային հաւաքականին հետ:

Նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ կայքէջին հրապարակած լուրը մեծ աղմուկ բարձրացուց ռուսական մամուլին մէջ, ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը եկաւ կտրուկ կերպով հերքելու այդ լուրը` շեշտելով, որ այդպիսի ոչ մէկ առաջարկ եկած է Մինասեանին` ռուսական ակումբէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )