Վենեզուելլայի Ընդդիմութիւնը Չաւեզի Առանց Երդման Արարողութեան Երկիրը Ղեկավարել Շարունակելուն Համաձայն Է
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելլայի ընդդիմութեան ղեկավար Էնրիքէ Քափրիլես յայտարարած է, որ ընդդիմութիւնը համաձայն է երկրի Գերագոյն դատարանի այն որոշումին, որ Վենեզուելլայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզ շարունակէ երկիրը ղեկավարել առանց երդման նոր արարողութեան, որովհետեւ Չաւեզ Քուպայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը գտնուի:
Գերագոյն դատարանը իր որոշումը տալու ընթացքին հաշուի առած է այն հանգամանքը, որ Չաւեզի բացակայութեան ժամանակ «երկրի ղեկավարութեան կարեւորագոյն գործողութիւնները» ինչպէս նախապէս ժամանակաւորապէս պիտի կատարէ փոխնախագահ եւ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլաս Մատուրօ:
«Այժմ դուք` պրն. Մատուրօ, պէտք է ստանձնէք պատասխանատուութիւնը եւ կառավարէք», ըսած է Քափրիլես:
Նշենք, որ Չաւեզի երդման արարողութիւնը պէտք է կայանար երէկ, սակայն ատիկա կարելի չեղաւ, որովհետեւ նախագահը 4-րդ գործողութենէ մը ետք քուպայական հիւանդանոցին մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուի: Ան գործողութեան ենթարկուած է 11 դեկտեմբերին:
Ընդդիմութեան համաձայնութիւնը դատարանի որոշումին հետ կարեւոր է Վենեզուելլայի ներքաղաքական կայունութեան համար: