Թել Աւիւի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժ Մը Պայթեցաւ
Թել Աւիւի Մենախեմ Պեկին փողոցին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով եօթը վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Իսրայէլեան ոստիկանութեան բանբեր Միքի Ռոզընֆելտ յայտնեց, որ մեծ հաւանականութեամբ պայթումը քրէական արարք մըն էր եւ «հաշուեյարդար» մը, սակայն չբացառեց քաղաքական բռնարարքի հաւանականութիւնը:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ականուած ինքնաշարժը կը պատկանէր քրէական խմբակի մը ղեկավարին: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ինքնաշարժին տէրը պայթումին ժամանակ անոր մէջ չէր:
Պայթումին պատճառով ինքնաշարժին մօտ եղող փոխադրակառք մը եւս վնասուեցաւ:
Լրագրողներ կը յայտնեն, որ Իսրայէլ վերջին տարիներուն շարք մը մաֆիական ընտանիքներ ներառող քրէական աւազակախումբերու միջեւ բուռն պատերազմի դաշտի մը վերածուած է:
CATEGORIES Միջազգային