Եգիպտոսի Նախագահութեան Բանբերը Միջպաղեստինեան Հաշտութեան Համաձայնութեան Գործադրութեան Սկիզբը Յայտարարեց

Ապպաս եւ Մաշաալ

Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Եասեր Ալի յայտարարեց, որ պաղեստինեան Ֆաթհ եւ Համաս շարժումները համաձայնութիւն գոյացուցած են եգիպտական միջնորդութեամբ հաշտութեան միջոցառումները անմիջապէս գործադրել սկսելու:

Ան նշեց, որ «պաղեստինեան երկու կողմերը Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեցին, որ համաձայն են մայիս 2011-ին եգիպտական միջնորդութեամբ ստորագրուած ազգային հաշտութեան համաձայնութեան անմիջական գործադրութեան սկսիլ»:

Մինչ այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ պաղեստինցիներուն որեւէ տարածք պիտի չզիջի:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու, մեկնաբանելով Գահիրէի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ, Ֆաթհի ղեկավար Մահմուտ Ապպասի եւ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, յայտնած է, որ «մենք գիտենք, որ որեւէ տարածք, որմէ մենք պիտի հեռանանք, համասցիներու եւ Իրանի կողմէ պիտի գրաւուի, եւ մենք ատիկա թոյլ պիտի չտանք»:

Իսրայէլի վարչապետը նշած է, որ իրենք այդ վտանգը յստակ կը տեսնեն:

«Այսօր Ապպաս Համասի ղեկավարին հետ կը գտնուի Գահիրէ, ուր կարելիութիւններ կը փնտռուին միաւորելու Ֆաթհն ու ահաբեկիչները, որոնք կը փորձեն ջնջել Իսրայէլ պետութիւնը եւ որոնք կը հրթիռակոծեն մեր քաղաքները», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES