Օճալանի Մասնակցութեամբ. Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Քրտական Տագնապի Լուծման Ծրագիր Կազմած Են

Օճալան եւ Ֆիտան

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) արգելափակուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ կազմած է 1984-էն ի վեր երկարող տագնապի դադրեցման նախագիծ մը:

Ըստ «Էն.Թի.Վի.»-ի, զինեալ տագնապը մարտ 2013-ին դադրեցնելու վերաբերեալ համաձայնութիւնը գոյացած է Օճալանի հետ բանակցութիւններու վերջին հանգրուանին ժամանակ:

Ըստ նախագիծին, քիւրտ զինեալները վար պիտի դնեն իրենց զէնքերը` Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն տրուող աւելի մեծ իրաւունքներուն դիմաց: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ ՔԱԿ-ի հետ կապերու մեղադրանքով բանտարկուած գործիչներու ազատ արձակում, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան մէջ պիտի ամրագրուի քիւրտ ժողովուրդի ինքնութեան սկզբունքը:

Նշենք, որ Օճալանի հետ բանակցութիւնները կը վարէ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, որ լիազօրուած է յանուն կառավարութեան բանակցելու:

Ըստ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի սիւնակագիր Ապտիւլքատիր Սելվիի, որ քաջածանօթ է բանակցութիւններուն, Կորդուաց լեռներուն վրայ ապաստանած ՔԱԿ-ի 50 ղեկավարներ Եւրոպա պիտի աքսորուին: ՔԱԿ-ի մնացեալ պաշտօնատարներուն պիտի արտօնուի Թուրքիա վերադառնալ եւ մասնակից դառնալ քաղաքական կեանքին: Ըստ Սելվիի, քրտական հարցը պիտի լուծուի մայիս 2013-ի աւարտին, երբ ՔԱԿ-ի անդամներուն թրքական ընկերութեան մէջ համարկման վերաբերեալ օրէնսդրութիւնը պիտի ամբողջանայ:

Սելվի «Ենի Շաֆաք»-ի մէջ չորեքշաբթի օր լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նաեւ կը հաղորդէ, որ Օճալան 26 դեկտեմբերին Ֆիտանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին հրաժարած է հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերուն համար «ժողովրդավարական ինքնավարութեան» կամ անջատ պետութեան պահանջէն, որ ՔԱԿ-ի երկարատեւ պահանջներէն մէկն է:

Օճալան նաեւ Սուրիոյ մէջ գործակցութիւն առաջարկած է եւ նշած, որ պատրաստ է քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կոչ ուղղելու` դադրելու Ասատի վարչակարգին զօրակցելէն եւ փոխարէնը ընդդիմութեան զօրակցելու:

Կը հաղորդուի, որ ՔԱԿ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Էրպիլի մէջ եւ թրքական քաղաքական կուսակցութիւնները մասնակից պիտի դառնան բանակցութեանց հոլովոյթին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )