Փարիզի Քրտական Հիմնարկներէն Մէկուն Մէջ Երեք Քիւրտ Ականաւոր Կին Գործիչներ Սպաննուած Են
Ֆրանսական ոստիկանութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, որ արեւելեան Փարիզի մէջ գտնուող քրտական կեդրոնի մը մէջ յայտնաբերուած են դիակները երեք քիւրտ կին գործիչներու, որոնք իրենց գլուխներէն փամփուշտ ստացած են:
Լուրի տարածումէն անմիջապէս ետք, Ֆրանսայի քիւրտ համայնքի շուրջ երկու հարիւր անդամներ հաւաքուած են Փարիզի 10-րդ շրջանին մէջ գտնուող քրտական տեղեկատուական կեդրոնի շէնքին առջեւ եւ բացագանչած` «Թուրքիա մարդասպան, Հոլլանտ մեղսակից»:
Աղբիւրը կը նշէ, որ դիակները հիմնարկին մէջ յայտնաբերուած են առաւօտեան շուրջ ժամը երկուքին, եւ «տեսարանը մտածել կու տայ, թէ անոնք մահապատիժի ենթարկուած են»` աւելցնելով, որ «սակայն կը սպասուի, որ հետաքննութիւնը ի յայտ բերէ ողբերգութեան ճշգրիտ պայմանները»:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալս, որ ոճիրին վայրը այցելեց, սպանութիւնը «ահաբեկումներ» եւ «անհանդուրժելի» որակեց:
Ֆրանսայի մէջ Քրտական միութիւններու դաշնակցութիւնը յայտնեց, որ զոհերն են ՔԱԿ-ի հիմնադիր անդամներէն Սաքինէ Ճանսըզ, տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնեայ եւ Պրիւքսէլի մէջ Քրտական ազգային քոնկրեսի 32-ամեայ ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողան, ինչպէս նաեւ «երիտասարդ գործիչ» մը` Լէյլա Սոյլեմեզ: