Մարտ 14-ի Քրիստոնեայ Քաղաքական Ուժերուն Ընդդիմադիր Թեւը Կը Ծնի Պութրոս Հարպի Բնակարանէն

Պութրոս Հարպ

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ երէկ Հազմիէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց քրիստոնեայ անկախ անձնաւորութիւններու հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ իրենք կը մերժեն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

Հարպի բնակարանին մէջ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Հանրի Հըլու, Միշել Ֆարաոն, Տորի Շամուն, Ֆուատ Սաատ, Անթուան Սաատ եւ Նիքոլա Ղոսըն, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ եւ անկախ անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Սամիր Ֆրենժիէ, Էլիաս Աթալլա, Ժաուատ Պուլոս, Միշել Մուաուատ, Միշել Խուրի, Սուհէյլ Զիատէ, Սալահ Հընէյն եւ Անթուան Հատտատ:

Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ ներկաները մերժած են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը եւ պահանջած մշակել նոր օրինագիծ մը, որ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:

Հարպ նշեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը պաշտօնապէս չէ որդեգրած:

Հարպ նաեւ ըսաւ, որ այդ օրինագիծը Լիբանանը 18 համայնքի կը մասնատէ եւ երկրին երկփեղկումը կը խորացնէ:

 

Share this Article
CATEGORIES