Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատելու Եւրոպական Համախոհութիւն Չկայ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Լալիօ շեշտեց, որ ներկայիս եւրոպական ոչ մէկ համաձայնութիւն կամ համախոհութիւն գոյութիւն ունի Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ զետեղելու:
Ան նշեց, որ կազմակերպութիւն մը ահաբեկչական նկատուելու համար Եւրոպական Միութեան յատուկ որոշ սահմանումներ պէտք է ամբողջացնէ:
CATEGORIES Լիբանանեան