«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններու պատուիրակութեան հետ` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու եւ վերստին կոչ ուղղեց մշակելու արդիական ընտրական օրէնք մը, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
Միւս կողմէ, Միքաթի Եւրոպական Միութենէն օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն խնդրեց` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու առումով:
Իր կարգին, Էխհորեսթ շեշտեց, որ իրենք պիտի զօրակցին ընտրական առումով բարեկարգումներ կատարելու լիբանանեան իշխանութիւններուն ջանքերուն` բարձր գնահատելով երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու Լիբանանի յանձնառութիւնը:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ վարչապետին հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական ընդհանուր իրավիճակը:


